2016-02-12 12:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրը Իտալիոյ նախագահին


(Ռատիօ Վատիկան) Աւանդութեան համաձայն, Քահանայապետ մը  միջազգային առաքելական ճամբորդութիւն կատարելու ժամանակ, հեռագիր r կ՝ուղղէ այն երկիրներու նախագահներուն, որոնց օդային տարածքէն  կ՝անցնի ։

Ուրբաթ 12 փետրուարին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ  դէպի Մեքսիքօ ճամբորդութեան սկիզբը , հեռագիր ուղղեց Իտալիոյ նախագահ՝ տիար Սերժիօ Մաթթարելային, որուն մէջ գրած է հետեւեալը

՝՝Մեքսիքօ կը մեկնիմ աջակցելու համար տեղական եկեղեցւոյ առաքելութեան, եւ այնտեղ տանելու յոյսի պատգամ մը''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ողջունելով   Իտալիոյ նախագահը, մաղթանք յայտնած է Իտալիոյ ժողովուրդին հոգեկան, ընկերային եւ քաղաքացիական բարօրութեան'' անոնց շնորհելով իր Առաքելական օրհնութիւնը։ ։

Իտալիոյ նախագահը իր կարգին պատասխանելով Ֆրանչիկսոս Պապի հեռագիրին

Յայտնած է ­թէ Իտալիան եւ Միջազգային հասարակութիւնը անկեղծ հետաքրքրութեամբ պիտի հետեւին Քուպայի մէջ` Քիրիլ պատրիարքին հետ  կայանալիք պատմական հանդիպումին որ պիտի հանդիսանայ հիմնական առիթ մը բոլոր քրիստոնեաներուն համար ու բոլոր անոնց որոնք վճռապէս կը հաւատան երկխօսութեան մշակոյթին'

 








All the contents on this site are copyrighted ©.