2016-02-12 09:26:00

Քեսապի բնակիչները մարդասիրական օգնութիւն ստացած են Ռուսաստանէն


Սուրիական Լաթաքիա նահանգի Քեսապ քաղաքի բնակիչները մարդասիրական օգնութիւն  ստացած են Ռուսաստանէն եւ Սուրիայէն: Հինգշաբթի առաւօտեան ՌԴ օդուժի 2 ռազմական  ինքնաթիռներ ժամանած են ռուսական ռազմակայան` հասցնելով մօտ 50 թոն մադասիրական օգնութիւն Սուրիոյ քաղաքացիներուն համար: Այն նախատեսուած է արաբական հանրապետութեան շրջաններու եւ քաղաքներու բնակիչներուն համար, կը գրէ РИА Новости-ն:

Բացի պարէնամթերքէն եւ դեղորայքէն, ինքնաթիռները բերած են նաեւ հագուստ, դպրոցական պարագաներ, ինչպէս նաեւ նուէրներ երեխաներուն` քաղցրաւենիք եւ խաղալիքներ:

Լաթաքիոյ նահանգապետ Իպրահիմ Եոտր աս- Սալամ յայտնած է, որ ռուսական մարդասիրական օգնութեան մէկ մասը արդէն ուղարկուած է շրջափակուած Տէր Զօր քաղաք, մինչդեռ միւս մասը բաժնուած է սուրիական քաղաքներով:

 «Անգամ մը զբօսաշրջիկներուն համար երբեմնի սիրելի սահմանային քաղաք եկան գրոհայինները: Այսօր ամէն ինչ այլ է, եւ մենք շնորհակալ ենք աջակցութեան համար, որ կը ցուցաբերուի մեր ժողովուրդին»,- ըսած է նահանգապետը:

 Քեսապ քաղաքը, որ հիմնականին մէջ բնակեցուած է հայերով, 2 տարի առաջ յարձակման ենթարկուած է ծայրահեղական խմբաւորումներու կողմէ: Այժմ քաղաքին մէջ  տեղակայուած են սուրիական բանակի ստորաբաժանումներ: Խաղաղ ժամանակներուն լեռնային այս քաղաքը կը համարուէր լաւագոյն հանգստավայրերէն մէկը երկրի հիւսիսային շրջանին մէջ

 








All the contents on this site are copyrighted ©.