2016-02-12 09:21:00

Սուրիոյ օգնութեան միջազգային խումբը համաձայնած է հրադադարի հաստատման հարցով


Սուրիոյ օգնութեան միջազգային խումբը, որուն մէջ ներառուած են գերտերութիւններու ներկայացուցիչները, Միւնխենի մէջ կայացած հանդիպման արդիւնքով հանդէս եկած է համատեղ յայտարարութեամբ:

Ըստ vedomosti.ru-ին, բանակցող կողմերը պայմանաւորուած են 1 շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ տարածքին մէջ հրադադարի կարգի հաստատման վերաբերեալ:

 Գերմանիոյ ԱԳ նախարար Ֆրանգ- Վալթեր Շտայնմայերը մանրամասնած է, որ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման կը նախորդէ հակամարտութեան գօտիին մէջ բռնութեան կրճատման գործընթացքը:

 «Ռազմական գործողութիւններու աւարտ ըսելով` մենք նկատի ունինք Սուրիոյ կառավարութեան ու ընդդիմադիրներու միջեւ ծաւալուող մարտերու աւարտը»,- մանրամասնած է պաշտօնեան` բացատրելով, որ տուեալ պայմանաւորուածութիւնը չի տարածուիր «Իսլամական պետութիւն» եւ «Ճեպհաթ ան- Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորումներուն վրայ:

 Միեւնոյն ժամանակ, Մեծ Բրիտանիոյ  ԱԳ նախարար Ֆիլիփ Համոնտը նշած է, որ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնը առաւել արդիւնաւէտ կ’ըլլայ, եթէ ռուսական օդուժը վերջ տայ Սուրիոյ կառավարական բանակին աջակցելուն:

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ճոն Քերին աւելցուցած է, որ կողմերը համաձայնութեան եկած են դէպի Սուրիա մարդասիրական օգնութեան մատակարարման գործընթացքի արագացման ու ընդլայնման վերաբերեալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.