2016-02-12 09:33:00

Ողորմութեան տարի.Արարիչին «Խնամքը» եւ «Սիրալիր Տեսչութիւնը»


Հայ հոգեւոր մատենագրութեան մէջ ունինք «Յաճախապատում Ճառեր» կոչուած երկը, որ հայագէտներ կը վերագրեն Մեսրոպ Մաշտոցի, եւ ըստ աւանդութեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի։

Այդ ճառերուն մէջ կը կարդանք Աստուծոյ արարչագործութեան մասին, եւ թէ ինչպէս Աստուած մեծ խնամքով եւ սիրով կը պարուրէ մարդ արարածը։

Հետեւեալ հատուածը, առնուած է Յաճախապատում Ճառերու ԺԴ. գլուխէն։ Հեղինակը կը գրէ՝ Աստուած «չորս նիւթերէ ստեղծեց արարածները, եւ կարգով յօրինեց զանոնք՝ ըստ երեւելի եւ աներեւոյթ արարածներու. ապա անոնցմէ կազմեց մարմինները ցամաք եւ խոնաւ նիւթէ, ջերմութենէ եւ ցուրտէ։ Այս չորս նիւթերէն ստեղծուեցաւ ամէն բան՝ որ կը ծառայէ ծնունդի եւ սնունդի, որպէսզի երեւի արարչութեան խնամքը։ Երկինքը՝ ամպերէն ցօղի իջմամբ, եւ լուսաւորներու (աստղերու) ջերմութեամբ եւ օդի խառնուածքով, որոնք կը սնուցանեն տունկերը եւ բոյսերը, բոլոր կենդանի արարածները, եւ երկնքի թռչունները։ Երկիրը՝ ջուրով եւ լողացող արարածներով եւ ուրիշ զեռուններով, որոնք բոլորն ալ կը սնանին Աստուծոյ խնամքով։ Որովհետեւ նախ բանաւոր հոգին դրաւ մարմնի մէջ եւ միացուց զանոնք, եւ ապա պատրաստեց այն ինչ որ սնունդի համար պէտք է. որպէսզի ցոյց տայ Իր սիրոյ տեսչութիւնը, որ Իր առատ բարերարութենէն կու գայ։ Իսկ բանաւոր եւ մտաւոր հոգիին իբր զօրաւոր դարման յայտնեց Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները՝ հոգեւոր օրէնքներու վարդապետութեան ուսուցումը։»

Այս տողերուն մէջ մեզի կը յայտնուին քրիստոնէական հետեւեալ ճշմարտութիւնները։ Աստուած ամենաբարի արարիչ է։ Ամէն ինչ, նիւթական եւ ոչ նիւթական աշխարհը, Աստուծոյ արարչութիւնն է, եւ ամէն ինչ կը ծառայէ նպատակի մը։ Կենդանի արարածներուն համար ամէն ինչ կը ծառայէ կեանք առնելու, ծնելու, սնանելու եւ դարմանուելու։

Սակայն ինչու՞ այս բոլորը, ինչու՞ Աստուած ստեղծեց տիեզերքը, նիւթական աշխարհը եւ կենդանի արարածները։ Պատասխանը կու տայ յիշեալ հատուածը՝ Աստուած ստեղծեց ամէն ինչ յայտնելու Իր «արարչական խնամակալութիւնը»։ Արարիչի կամքը կը յայտնուի խնամակալութեամբ եւ սիրով։ Ան կը գործէ «սիրոյ տեսչութեամբ եւ առատ բարերարութեամբ», կը հոգայ արարածներու պէտքերը, սնուցանելով զանոնք բարիքներով։ Արարիչին տուած բարիքները ինքնաբուխ են, անշահախնդիր, առատ՝ արարածի բարիքին համար։

Սակայն ոչ միայն մարմնական կամ նիւթական բարիքներն են հարկաւոր՝ մարդ արարածին կեանքը լիացնելու եւ հոգին սնուցանելու։ Մարդ արարածի ամբողջականութիւնը մարմին է եւ հոգի։ Ասոր համար Աստուած կը պարգեւէ մարմնական եւ հոգեւոր դարմաններ, հոգեւոր սնունդ։ Իսկ հոգւոյն սնուցումը կը կատարուի Սուրբ Հոգիի առատապարգեւ շնորհքներով։ Սուրբ Հոգին մեզի կը յայտնէ նաեւ Աստուծոյ կամքը՝ հոգեւոր օրէնքներու վարդապետութեան ուսուցմամբ, որ կը կատարուի Եկեղեցւոյ միջոցաւ։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականը առաջին հատուածին մէջ մեզի կʼուսուցանէ՝ «Աստուած, անհունօրէն Կատարեալ եւ Երանելի ինքն իր մէջ, զուտ բարութեան ծրագրով մը ազատօրէն ստեղծեց մարդը որպէսզի զայն մասնակից ընէ Իր երանաւէտ կեանքին։ Ասոր համար, Ան ամէն ժամանակ եւ ամէն տեղ Ինքզինք մերձաւոր կʼընէ մարդուն։» Ահաւասիկ, քրիստոնէականի այս խօսքերը կը ցոլացնեն եւ կը հաստատեն մեր Եկեղեցւոյ հայրերու վարդապետութիւնը։

Մեր կեանքի իւրաքանչիւր րոպէն, որ պարգեւն է Արարիչին, մեզի պէտք է յիշեցնէ, թէ Ան միշտ կը գործէ «արարչական խնամակալութեամբ», «սիրոյ տեսչութեամբ» եւ «առատ բարերարութեամբ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.