2016-02-12 11:07:00

ՄԱԿ. «2016-ի սկիզբէն ի վեր Թուրքիայէն Յունաստան անցած է աւելի քան 68 հազար գաղթական»


«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Գաղթականներու հարցերով ՄԱԿ-ի վարչութիւնը յայտնած է, որ 2016-ին սկիզբէն ի վեր Թուրքիայէն յունական կղզիներ տեղափոխուած են աւելի քան 68 հազար մարդիկ:
Գաղթականներու հարցերով ՄԱԿ-ի վարչութեան տուեալներով` միայն 1-էն 6 փետրուար Եգէական ծովու թրքական ծովափէն Յունաստան անցած է աւելի քան 2870 մարդ:
ՄԱԿ-ի տուեալներով` 1 յունուարէն մինչեւ 6 փետրուար ծովու ճամբով Թուրքիայէն Յունաստան հասած գաղթականներուն 55 առ հարիւրը Սուրիայէն է, 25 առ հարիւրը` Աֆղանիստանէն, 11 առ հարիւրը` Իրաքէն եւ 3 առ հարիւրը` Փաքիստանէն: Բացի ատկէ կը հաղորդուի, որ տարուան սկիզբէն ի վեր ծովու ճամբով Եւրոպա անցնելու ժամանակ մահացած կամ անյայտ կորսուած է առնուազն 366 մարդ:
Գրեթէ բոլոր ներգաղթեալները Յունաստանէն կը մեկնին պալքանեան ճամբով դէպի Աւստրիա եւ Գերմանիա:
Յունա-մակեդոնական սահմանին վրայ այժմ 5-էն 7 հազար գաղթական կը սպասէ Մակեդոնիա մուտք գործելու կարելիութեան

 








All the contents on this site are copyrighted ©.