2016-02-11 09:28:00

Ռայի Պատրիարք. ''կ՛ողջունենք հակառակորդ կողմերը միացնող իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն''


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ նախագահեց Մար Մարունի առիթով մատուցուած պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ժիլպերթ Զուէյն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Եուսեֆ Սաատէ` իբրեւ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ:

Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ մարոնի եկեղեցին բոլորին հետ լաւ յարաբերութիւններ ունի եւ օր մը օրանց գժտութիւն չէ ապրած:

Լիբանանի ամբողջ պատմութեան ընթացքին մարոնի եկեղեցին, իր պատրիարքներուն անձերուն ընդմէջէն եղած է միացնող եւ համախմբող, ինչպէս նաեւ յանձնառու մնացած է երկրին անկախութեան եւ ազգային ուխտին պահպանումին:

Ռայի պատրիարքը նշեց նաեւ, որ մարոնի համայնքը Լիբանանի մէջ բացառիկ դերակատարութիւն ունեցած է` դառնալով Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ մշակութային գործակցութեան կամուրջը:

«Մար Մարունի տօնին առիթով կոչ կ՛ուղղենք շարունակելու մարոնի համայնքին դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր կողմերուն միջեւ կամուրջներ կառուցելու: Նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար Լիբանան կարիքը ունի պետական անձնաւորութիւններու, որոնք նախաձեռնող պէտք է ըլլան: Այս շրջագիծին մէջ մենք կ՛ողջունենք երկու հակառակորդ կողմերը միացնող իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.