2016-02-11 09:06:00

Կարդինալ Փարոլինի ելոյթը Պապին Մեքսիքօ կատարելիք ճամբորդութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ Փարոլին` Ս﹒ Աթոռի Պետական քարտուղարը «Famiglia cristiana» շաբաթաթերթին հետ ունեցած ելոյթով մը խօսեցաւ ֆրանչիսկոս Պապի Մեքսիքա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին։

Կարդինալը յայտնեց թէ հարկաւոր է ձայն բարձրացնել ու խօսիլ գաղթականութեան երեւոյթի մասին։ Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը լաւապէս կը ճանչնայ Մեքսիքան։ Ան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հրաւիրեց Մեքսիքայի կառավարութիւնը հրաժարիլ գաղթականներու նկատմամբ անտարբերութեան դիրքէն, լայն տեղ տալով հանդիպումի մշակոյթին։ Այդ ուղղութեամբ Մեքսիքոյի եկեղեցին յանձնառումով կը գործէ եւ քրիստոնէավայել վկայութիւն կու տայ։ Յաչս աղքատ գաղթականներու ալիքին, որուն հետեւանքով ընտանիքները կը քայքայուին, Մեքսիքոյի եկեղեցիէն կը խնդրուի աւելի յանձնառումով դիմագրաւել այդ վէրքը լուծումներ որոնելով նաեւ դրացի պետութիւններուն հետ։ Կեդրոնական Լատինամերիկայէն եկած գաղթականները թշուառութենէն ու բռնութիւններէն կը փախչին։

Գալով թմրեցուցիչի հարցին որ կը հայի համայն Լատինամերիկայի̦ն` կարդինալ Փարոլին ըսաւ. հարկաւոր է ձայնը բարձրացնել ու դատապարտել կաշառառութիւնը ու կապը կարգ մը հզօրներու հետ ու աշխատիլ նոր սերունդը դաստիարակել ու կազմել` հետապնդելու մարդկային արժէքները լաւագոյն կեանքի մը համար։ ''Այդ ուղղութեամբ եկեղեցին պիտի շարունակէ իր դերը կատարել'' հաստատեց Ծիրանաւորը ապա խօսեցաւ մեքսիքացիներու սերտ կապի մասին` Ս﹒ Կոյս Մարիամին հետ։ Տիրամայրը Խուան Տիեկոյի երեւոյթներուն ընթացքին Կուատալուփի մէջ ինքզինք յայտնեց որպէս սիրալիր Մայր մը։ Անոր պատգամը եղաւ﹒ ''Յիսուսը ընդունիլ անհատի սեփական կեանքին մէջ ու սեփական պատմութեան մէջ''։ ֆրանչիսկոս Պապը Մեքսիքօ կու գայ վերանորոգելու այս պատգամը եւ լաւագոյնս դիմագրաւելու ներկայ դժուարութիւնները ի սպաս լաւագոյն ապագայի մը կերտումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.