2016-02-10 17:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը մոխրոց օրուայ եւ ողորմութեան միսիոնարներու առաքումի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աստուծոյ խօսքը` քառասնորդաց ուղեւորութեան սկիզբը, Եկեղեցւոյ ու մեզմէ իւրաքանչիւրիս կ՛ուղղէ երկու հրաւէրներ. առաջինը` թոյլ տալ հաշտուիլ Աստուծոյ հետ իսկ երկրորդը` վերադառնալ Տիրոջ բոլոր սրտով''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մոխրոց օրուայ եւ ողորմութեան միսիոնարներու առաքումի առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Սուրբ Պօղոսի կորնթացիներուն ուղղած հրաւէրին ''կ՛աղաչեմ ձեզի հաշտուեցէք Աստուծոյ հետ'' (Բ կորն 5,20) հաստատեց թէ այս մէկը միայն հայրական բարի խորհուրդ մը չէ այլ իսկական աղերս մը` յանուն Քրիստոսի։

Քրիստոս, ըսաւ Քահանայապետը, կը ճանչնայ մեր մեղաւոր ու դիւրաբեկ ըլլալը ու գիտէ մեր սրտի տկարութիւնը։ Ան նաեւ գիտէ թէ որքան կարիք ունինք ներումի եւ ասոր համար է որ առաքելը կը հրաւիրէ ''թոյլ տալ որ Աստուած ներէ մեզ'' որովհետեւ Աստուած աւելի մեծ է քան մեր սիրտը։ Ան կը յաղթէ մեղքին ու մեզ թշուառութենէն դուրս կը բերէ, սակայն մենք ճանչնալու ենք մեր ողորմութեան կարիքաւորներ ըլլալու վիճակը։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց ''դռները փակելու փորձութեան'' ու մեղքի հետ համակեցութեան վարժութեան, ինչպէս նաեւ այլ մէկ խոչընդոտի մը որ է ''ամչնալ սրտի գաղտնի դռները բանալու'' ու այդ դռնէն հեռանալու ու մենք մեր մէջ փակուելու, փախչելով լոյսէն­, մինչ միայն Տիրոջ շնորհքն է որ կարող է մեզ ազատագրել։

''Թոյլ տանք ուրեմն որ հաշտուինք Աստուծոյ հետ­, ունկնդրենք այն ինչ որ Յիսուս կ՛ըսէ յոգնած ու անմխիթար անձերուն ''Եկէք Ինծի'' եւ այնտեղ կը գտնենք անդորրութիւն եւ խաղաղութիւն'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ խօսքը ուղղեց  Սուրբ Զոհին մասնակցող ողորմութեան առաքեալներուն որոնք պիտի ընդունին իրաւասութիւնը դառնալու Աստուծոյ ներումի նշան ու գործիքներ։  Սիրելի եղբայրներ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ` օգնեցէք յաղթահարել ամչկոտութիւնը, չի խուսափիլ լոյսէն ու բանալ սրտի դռները։ Թող որ ձեր ձեռքերը հայրութեամբ օրհնեն ու վերականգնեցնեն  եղբայրներն ու քոյրերը եւ ձեր միջոցաւ Աստուծոյ հայեացքը ու ձեռքերը հանգչին զաւակներու վրայ ու խնամեն անոնց վէրքերը։

Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ ապա երկրորդ հրաւէրի մասին որ է ''վերադառնալ Տիրոջ համայն սրտով'' եւ այս ընել աղօթքով` որ է Տիրոջ վրայ վստահութեան արտայայտութիւն ու անոր հետ անձնական հանդիպում։ Աղօթել կը նշանակէ գիտակից ըլլալ թէ կարիքը ունինք Տիրոջ - ըսաւ Ֆարնչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց երկրորդ թելադրանքին`սէրը։ Իսկական սէրը արդարեւ արտագին երեւոյթ մը չէ այլ ծառայութիւն է ի սպաս ուրիշին։ Եւ երրորդ` ծոմապահութիւն­, ապաշխարութիւն։

''Ինծի եկէք'' կ՛ըսէ Տէրը ''բոլոր սրտով''։ Տէրը մեզ կը կոչէ ապրելու աղօթքը, եղբայրսիրութիւնը եւ ապաշխարութիւնը հետեւողականութեամբ, յաղթահարելով կեղծաւորութիւնը։

Միասնաբար  սկիզբ տանք ուրեմն ուղեւորութեան ընդունելով Մոխիրը ու մեր հայեացքը ուղիղ յարելով Խաչեալին, Ան մեզ սիրելով, կը հրաւիրէ մեզ թոյլ տալ հաշտուելու Աստուծոյ հետ եւ վերադառնալու Անոր` վերագտնելու համար մենք մեզ։








All the contents on this site are copyrighted ©.