2016-02-10 09:23:00

ՄԱԿ-ը կոչ կ’ուղղէ Թուրքիոյ իր սահմանները բանալու Սուրիացի փախստականներուն առջեւ։


ՄԱԿ-ի փախստականներու բարձրագոյն յանձնաժողովը (UNHCR) Թուրքիոյ  կոչ ըրած է  բանալու իր սահմանային անցակէտերը Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն գաղթող փախստականներուն առջեւ, կը գրէ Ermenihaber.am-ը:

Ըստ թրքական «Hurriyet» պարբերականի` նման կոչով հանդէս եկած է ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի խօսնակ Ուիլեամ Սփինտլերը`  ըսելով. «Տեղեակ ենք, որ Թուրքիան ընդունած է ծանր կացութեան մէջ յայտնուած շատ փախստականներու: Սակայն դեռեւս կան մեծ թիւով փախստականներ, որոնց թոյլ չի տրուիր անցնելու սահմանը: Կոչ կ’ընենք Թուրքիոյ բանալու իր սահմանները պատերազմէն փախած եւ միջազգային հովանաւորութեան կարիք ունեցող սուրիացիներու առջեւ»:

Նախապէս   Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովին մէջ (ԹԱՄԺ-TBMM)  վարչապետ Ահմէթ Տաւութօղլուն յայտարարած էր, որ յառաջիկային երկիր մուտք գործելու հնարաւորութիւն կը ստանան  եւս 70 հազար փախստականներ








All the contents on this site are copyrighted ©.