2016-02-09 09:23:00

Միսիոնարուհի Աննա Հետուիկ Պիւլի մասին նոր Ֆիլմը համացանցի վրայ է


Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Աննա Հետուիկ Պիւլ» կամ «Վերջին Աղօթքը» փաստավաւերագրական ֆիլմը համացանցի վրայ է: Ֆիլմը պատրաստած են «Sharm Pictures»ը եւ «Yan Team Production»ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին պատուէրով:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ֆիլմը կը պատմէ էսթոնացի միսիոնար Աննա Հետուիկ Պիւլի մասին, որ 1909 թուականին առաջին անգամ ոտք դրաւ Մարաշ, Կիլիկիա եւ այդ ժամանակէն դարձաւ հայերուն մեծ բարեկամը՝ յետագային իր կեանքը նուիրելով Եղեռնէն փրկուած հայ որբերուն եւ այրիներուն:

Ան իր գործունէութիւնը շարունակեց նաեւ Սուրիոյ մէջ՝ զբաղելով տարագիր հայերու կենսական կարեւորութեան հարցերով, դարձաւ հազարաւոր որբերու մայրը, իսկ այրիներու համար՝ եղաւ քոյր:

26 վայրկեան տեւողութեամբ ֆիլմը հիմնուած է իրական փաստերու, Պիւլի եւ անոր հասցէագրուած որբերու նամակներուն վրայ: Ֆիլմին մէջ տեղ գտած են նաեւ 1909-էն մինչեւ 1980-ական թուականներուն հայերու ճակատագիրին վերաբերող պատմական ակնարկներ: Կը ներկայացուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ հայերու կեանքը 1915 թուականէն ետք:

Կեանքի վերջին տարիները Պիւլ մայրիկը անցուցած է գերմանական ծերանոցներէն մէկուն մէջ: 90-նոց զառամեալ կինը՝ մահուան մահիճին մէջ պառկած, մոռցած էր այն 6 լեզուները, որոնց ան ազատօրէն կը տիրապետէր եւ կ՛աղօթէր հայերէն:

«Իմ սիրտը հայկական է», այսպէս ըսած է Պիւլ մայրիկը:

Բեմագրութեան հեղինակն է Սոնա Ալեքսանեան, բեմադրիչը՝ Վահէ Եան:








All the contents on this site are copyrighted ©.