2016-02-09 10:45:00

Հաւատքով ապրինք քառասնորդացի շրջանը


«Այն ատեն Յիսուս Հոգիէն անապատ առաջնորդուեցաւ, սատանայէն փորձուելու համար: Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմ պահեց եւ անօթեցաւ: Փորձիչը անոր մօտենալով ըսաւ.- Եթէ դուն ես Աստուծոյ Որդին, հրամայէ որ այս քարերը հաց ըլլան» (Մատթ. 4 (1-3)։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,

Ձեզ կը հրաւիրեմ քառասնորդացը ապրելու Քրիստոսի հետ գեղեցիկ եւ նշանակալի հանդիպումով։  Եկեղեցւոյ կողմէ կանչուած ենք որդեգրելու հաւատքի նոր կեանքի մը առաջնորդող ճանապարհը,  ուր կոչուած ենք որպէս քրիստոնեաներ նորոգելու մեր ուխտը, վերապրելու Յիսուսի հետ իր յաղթանակը սատանային՝ այսինքն մեղքին եւ խաւարին դէմ:

Երթանք դէպի անապատը՝ հոն զգալու համար մեր իսկութիւնը այսինքն մեր ոչնչութիւնը,  որ Քրիստոսի յաղթանակով եւ յարութեամբ փոխակերպուեցաւ եւ մեզ դարձուց «Նոր Մարդ» մը՝ որ կը հպարտանայ իր Խաչի ճանապարհով: Այն ճանապարհը որ կ'անցնի անապատէն եւ զոհաբերութենէն, յանգելու համար  Քրիստոսի հետ ուրախութեան վայելքին:

Պահքը շրջան մըն է ապաշխարութիւն եւ հոգեւոր դարձի։ Հետեւաբար, կանչուած ենք  Սուրբ Գիրքը ապրելու՝ հակառակ աշխարհիս զանազան հաճոյքներուն:

Պահքը կը խորհրդանշէ մահը, որ  Քրիստոսի յարութեամբ կ’առաջնորդէ  Քրիստոսի երկնային կրօնի յաղթանակին  այս աշխարհի երկրային մեղքին դէմ:

Եկեղեցին քառասնորդացի այս շրջանին կը պատուիրէ, կը թելադրէ մեզի պահքով ամենաչնչին զոհաբերութիւնը կատարել: Հրաժարինք մեր աշխարհիկ հաճոյքներէն, մեր նախասիրած բաներէն, որպէս զոհաբերութիւն:

Քառասնորդացի շրջանը առիթն է նաեւ ձերբազատուելու մեր քմահաճոյքներէն, հպարտութենէն, անձնասիրութենէն, որպէսզի ինքնազննումով մօտենանք Աստուծոյ, ապրինք Աստուծոյ հետ  միութեան գոհունակութիւնը: Ան լաւագոյն առիթն է, որպէսզի վերադարձ մը կատարենք դէպի մեր հոգւոյն խորը, սրբագրենք մեր թերութիւնները, Քրիստոսի օգնութեամբ եւ իր հետ միութեամբ ապրինք հոգիի անդորրութիւնը:

Քառասնորդացի շրջանը մեզ կը պատրաստէ զատկուայ մեծ իրականութեան, երբ Քրիստոս յաղթահարելով մահը, ջախջախելով մահուան ստրկութիւնը, փառաւոր կերպով յարութիւն պիտի առնէ մեռելներէն:

Վարդանանցի նահատակները, որոնց յիշատակը տօնակատարեցինք  շաբաթ մը առաջ, Քրիստոսի յարութեան իրականութենէն ներշնչուելով ու նուիրումով  կառչելով անոր, ընտրեցին երկրաւոր մարտիրոսութիւնը, երկնային յաւերժութիւնը ժառանգելու համար:

Վարդանանքը մեր հաւատքին ուղեցոյցն է, որ մեզ կ'ուղղէ լոյսին, երկնայինին։ Ան մեր առօրեայ կեանքին մղիչ ոյժն է, որ մեզ կ'առաջնորդէ դէպի յաւերժականութիւն, ինչպէս Վահան Թէքէեան իր «Խորհուրդ Վարդանանց» թերթուածը կ'ամբողջացնէ գրելով. «Դարերը կ'անցնին, բայց Վարդանը քաջ, բայց Վարդանը սուրբ, կ'երթայ միշտ առաջ»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.