2016-02-08 12:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապի լսատեսողական պատգամը Մեքսիքացիներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 12 Փետրուարին, Մեքսիքօ կատարելիք միջազգային առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, Ֆրանչիկսոս Պապ լսատեսողական պատգամը մը  յղեց Մեքսիքացիներուն որուն մէջ Ան յոյժ ուրախութիւնը յայտնեց Մեքսիքօ կատարելիք այցելութեան համար ընդգծելով, թէ Ինք` իր աղօթքներուն մէջ միշտ  կը յիշէ Մեքսիքացիները, եւ թէ՝ այժմ պիտի կարենայ ոտք դնել օրհնուած եւ Աստուծոյ կողմէ շատ սիրուած  ու Սուրբ Կոյս Մարիամի շատ սիրելի հողին վրայ։

Թերեւս՝ հարց կու տաք  ՝՝Քահանայապետը ի՞նչ կը փափաքի սոյն ճամբորդութենէն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատասխանեց ''Ան կը փափաքի Մեքսիքօ ժամանել որպէս ողորմութեան եւ խաղաղութեան առաքեալ, հանդիպիլ երկրի ժողովուրդին հետ, միասնաբար դաւանելու համար Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը եւ անոնց հետ բաժնեկցելու  կեանքի հիմնական ճշմարտութիւնը, որ է ''Աստուած մեզ շատ կը սիրէ իր անսահման սիրով, մեր արժանիքներէն անդին''։

Ֆրանչիկսոս Պապ ապա բաղձանք յայտնեց մօտիկ գտնուելու Մեքսիքոյի ժողովուրդին­, յատուկօրէն` տառապողներուն, զանոնք ողջագուրելու եւ անոնց ըսելու թէ ''Յիսուս զիրենք շատ կը սիրէ եւ միշտ անոնց կողքին կը գտնուի''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա իր գոհունակութիւնը յայտնելով ի տես  Մեքսիքոյի ժողովուրդին սոյն ճամբորդութեան աղօթքով պատարստութեան համար , հաստատեց թէ աղօթքը սիրտը կ՝ընդլայնէ ընկալելու համար Աստուծոյ պարգեւները։

''Աղօթքը կը լուսաւորէ աչքերը,  ուրիշները տեսնելու համար ինչպէս Աստուած կը տեսնէ զանոնք'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  յայտնեց թէ իր ամենամեծ իղձերէն մին է այցելել ''Սուրբ ''Կոյս Մարիամի տունը'' որպէս այլ զաւակ մը` Անոր մօտենալու ու Անոր ոտքին առջեւ զետեղելու իր սրտին բոլոր իղձերը։ Գեղեցիկ է  այցելել Մայրական Տունը եւ զգալ Անոր  Մայրական սիրալիր,  քնքուշ ներկայութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց. ''Այնտեղ պիտի նայիմ Տիրամօր աչքերուն եւ Անորմէ պիտի խնդրեմ, որ երբեք չի դադրի մեզի նայելու ողորմութեամբ, որովհետեւ Ան մեր երկրաւոր Մայրն է։ Այժմէն իսկ Անոր  կը  յանձնեմ իմ այս ճամորդութիւնս ու ձեզ բոլորդ, իմ սիրելի Մեքսիաքացի եղբայրներ'' յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատգամը եզրափակեց ըսելով Թող Յիսուս օրհնէ ձեզ եւ Սուրբ Կոյսը ըլլլայ ձեզի ապաւէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.