2016-02-08 09:26:00

Հիւսիսային Քորէա արբանեակի յաջող արձակում մը կատարեց


Հիւսիսային Քորէան 7 փետրուարին հրթիռ մը արձակելով «Քվանմենսոն 4» արբանեակը հասցուցած է Երկրի ուղեծիր: Այդ քայլը Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի եւ շարք մը այլ երկիրներու կողմէ նկատուեցաւ հեռահար հրթիռի փորձարկում:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ կը սպասուի, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այդ հարցով արտակարգ նիստ մը գումարէ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Հիւսիսային Քորէային կոչ ուղղած է «դադրեցնելու սադրիչ գործողութիւնները»: Դէպքը դատապարտած են նաեւ Հարաւային Քորէան, Ճափոնը, Ֆրանսան, Չինաստանը, Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի նշած է. «Մենք պիտի շարունակենք աշխատանքը մեր գործընկերներուն եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին հետ` Հիւսիսային Քորէան պատասխանատուութեան կանչելու ուղղութեամբ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց
Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց  նախարարութիւնը դատապարտեց Հիւսիսային Քորէայի կողմէ հեռահար հրթիռի արձակումը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց  նախարարութեան «ֆէյսպուք»-ի էջին մէջ:

«Կը դատապարտենք Հիւսիսային Քորէայի  կողմէ հեռահար հրթիռի արձակումը, որ կը խախտէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը եւ Քորէական թերակղզիի շրջանին մէջ կը սրէ իրավիճակը», նշած է նախարարութիւնը:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.