2016-02-08 10:51:00

Կարդինալ Թուրքսոն. կրօններու տարբերութիւնները խաղաղութեան համար հարստութիւն են։


(Ռատիօ Վատիկան) Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարդինալ` Թուրքսոն վերջերս այցելեց Իրանը ուր`  Գոմ քաղաքին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ ''կրօններու դերը`աշխարհի մէջ խաղաղութեան ու արդարութեան հաստատումին ի նպաստ'' գիտաժողովին։

Կարդինալը խօսք առնելով Գոմ քաղաքի` շիիթներու հայրենիքին մէջ, ներկաներուն հաղորդեց ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնը ու ընդգծեց կրօններու կարեւորութիւնը խաղաղութեան ու արարչագործութեան պահպանումին համար ինչպէս նաեւ անոնց սատարը հասարակաց բարիքին ի սպաս։

Կրօններու միջև երկխօսութիւն

Կարդինալ Թուրքսոն հաստատեց թէ երկրագունդի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը հռչակէ հաւատացեալ ըլլալը։ Ասիկա պէտք է մղէ կրօնները իրարու միջեւ երկխօսութիւն հաստատելու, լաւագոյնս պահպանելու արարչագործութիւնը եւ օգնութեան հասնելու համար աղքատներուն­, ստեղծելու յարգանքի ու եղբայրակցութեան ցանց մը։

''Պապի ու Ռուհանիի հանդիպումը դուռը բացաւ նորանոր յոյսերու'' ըսաւ Վատիկանի ներկայացուցիչը մատնանշելով թէ Պապի ու Ռուհանիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը ու կրօնական հասարակութիւններուն պատասխանատուութիւնը նպաստելու համար հաշտութեան­­, հանդրժողականութեան ու խաղաղութեան։

Հասարակաց տան հոգն ու խնամատարութիւնը

Կարդինալ Թուրքսոն ընդգծեց ապա միաստուածեան երեք կրօններու համար արարչագործութեան յոյժ կարեւորութիւնը եւ մատնանշեց թէ ինչպէս ամառուան շրջանին իսլամ կրօնապետեր կազմակերպեցին ուսումնաժողով մը բնապահպանութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ։ ''Իսլամ կրօնապետերու յայտարարութիւնը համախոհ է կաթողիկէ ուսուցումին'' յայտնեց Կարդինալը մատնանշելով Իսլամ կրօնքի աշխարհագրական տարածումին որ կը ներփակէ ոչ միայն քարիւղի տէր երկիրներ այլեւ բնութեան յեղաշրջումի զոհ երկիրներ, ինչպէս Պանկլատէշը և Ինդոնեզեան։

''Տարակոյս չկայ որ բնութեան պահպանումին համախոհ իսլամական հզօր ձայնը բարոյական պատասխան մըն է` երկրագունդի բնապահպանութեան'' ըսաւ կարդինալը հաստատելով թէ ''այդ ձայնը ռազմավարական մեծ հարստութիւն մըն է'' ապա միջամտութիւնը եզրափակեց մաղթելով որ բարի կամք ունեցող բոլոր մարդիկը խորհրդածեն խաղաղութեան փորձառութեան մասին `այնպէս որ բոլորը մէկ ''տարբերութիւններու հարստութիւններով ու հասարակաց բարոյական ու հոգեւոր սկզբունքներով''  միասնաբար  սատարեն հասարակաց տան բարգաւաճումին:








All the contents on this site are copyrighted ©.