2016-02-08 09:35:00

Աղօթքի ու ծոմապահութեան համաշխարհային օր Սուրիոյ ու Իրաքի խաղաղութեան համար:


(Ռատիօ Վատիկան) Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն` քահանայապետական բարեսիրական մարմինը, որոշած է 10 Փետրուարին աղօթքի ու ծոմապահութեան համաշխարհային օր մը կատարել Սուրիոյ ու Իրաքի խաղաղութեան համար։ Վատիկանեան բարեսիրական մարմինը այս վերջին 5 տարիներուն չզլացաւ իր օժանդակութիւնը հասցնելու սուրիացի ու իրաքցի ժողովուրդներուն

Յոյն մելքիդներու պատրիարք` գերերջանիկ Գրիգորիոս Լահամ նամակով մը իր շնորհակալութիւն յայտնած է վերոնշեալ մարմինին յայտնելով թէ անոնց ''բարեսիրական մարմինը սուրիացիներուն համար եղաւ մանանայ մը իջած երկինքէն։ Մինչ Իրաքի եկեղեցին իր կարգին  երախտագիտութիւնը յայտնեց Բարեսիրական մարմինը նմանեցնելով մօր մը որ հոգատար է իր զաւակներուն հանդէպ։

10 Փետրուարին, ըստ լատինաց օր մոխրոցի օրը, Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութիւնը ձեռնարկած է  աղօթք ու ծոմապահութիւն կատարել Սուրիոյ ու Իրաքի խաղաղութեան դիտաւորութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.