2016-02-07 12:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 7 Փետրուարի Մարեմեան աղօթքն ու խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 7 փետրուար 2016-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն Աղօթքը ու աղօթքի ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը ներշնչուած Ղուկասի աւետարանէն (Ղուկ 5, 1-11) ուր կը խօսուի Յիսուսի` առաջին աշակերտներուն կոչումի մասին։

Գեննեսարէթի ծովակին եզերքը Յիսուս կը տեսնէ երկու նաւակներ ու ձկնորսներ որոնք ուռկանները կը լուային։ Յիսուս կը բարձրանայ նաւակներուն մէկուն վրայ, որ կը պատկաներ Սիմոնի, ու կը խնդրէ որ ցամաքէն քիչ մը հեռացնէ զայն։ Ապա ժողովուրդին սորվեցնելէ ետք Սիմոնին կ՛ըսէ ''առաջացիր դէպի բացերը եւ ուռկանները նետեցէք` ձուկ որսալու համար'' ու Սիմոն կը պատասխանէ ''Վարդապետ, ամբողջ գիշերը յոգնեցանք եւ բան չորսացինք, սակայն քու խօսքիդ համար ուռկանները պիտի նետեմ''։  Սիմոնի այս հաւատքը հիասթափ չի մնար` ''անոնք մեծ քանակութեամբ ձուկեր բռնեցին մինչեւ այն աստիճան որ ուռկանները կը պատռէին''։

Այս արտակարգ երեւոյթի դիմաց, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ձկնորսները ապշահար մնացին։ Սիմոն Պետրոս կ՛իյնայ Յիսուսին ոտքը ըսելով. ''Տէր հեռացիր ինձմէ ես մեղաւոր եմ''։ Տիրոջ այս մօտիկութիւնը Պետրոսի մէջ կ՛արթնցնէ իր խեղճութեան գիտակցութիւնը ու անոր անարժանութիւնը։ ''Մարդկային տեսողութեամբ մեղաւորի ու սուրբին միջեւ հեռաւորութիւն մը ստեղծուելու է, սակայն իրականութեան մէջ, ճիշդ այդ մեղաւորի վիճակը կը պահանջէ որ Տէրը չի հեռանայ անորմէ, այնպէս ինչպէս բժիշկը չի կրնար հեռանալ հիւանդէ մը'' յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ակնարկեց Յիսուսի վճռակամ պատասխանին. ''Մի Վախնար այսուհետեւ մարդիկ պիտի որսաս կեանքի համար''։

Այս խօսքերուն վրայ Գալիլեացի ձկնորսը վստահութեամբ կը յանձնուի Յիսուսի խօսքերուն եւ ամէն ինչ կը թողու ու կը հետեւի Անոր որ այդ օրէն դարձաւ Վարդապետ ու Տէր։ Նոյնը կ՛ընեն Յովհաննէս ու Յակոբը։

''Ահա այս է տրամաբանութիւնը որ կ՛ուղղէ Յիսուսի եւ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը` փնտռել, որսալ մարդիկ ու կիներ ու բոլորին վերադարձնել  արժանաւորութիւնն ու ազատութիւնը  մեղքերու ներումի միջոցաւ։ Ահա այս է քրիստոնէութեան էականը` տարածել Աստուծոյ ձրի ու վերակենդանացնող սէրը, բոլորին հանդէպ ընկալութեան եւ ողորմութեան վերաբերմունքով, որպէսզի ամէն մէկը կարենայ հանդիպիլ Աստուծոյ քնքշութեան եւ ունենալ կեանքի լիութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ''այսօրուայ Աւետարանը մեզ կը հարցադրէ։ Գիտե՞նք իսկապէս վստահիլ Տիորջ խօսքերուն, կամ կը յուսալքուինք ձախողութիւններու դիմաց''։

Այս ողորմութեան Սուրբ Տարուայ ընթացքին կանչուած ենք մխիթարելու անոնք որոնք իրենք զիրենք անարժան կը զգան Տիրոջ առջեւ կենալու, անոնց ըսելով` ''Մի Վախնաք'' Աստուծոյ ողորմութիւնը աւելի մեծ է քան գործած մեղքերդ ։

Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի ըլլայ օգնական, հասկնալու համար թէ աշակերտ ըլլալ կը նշանակէ մեր ոտքերը դնել Վարդապետին թողած հետքերուն վրայ, անոնք Աստուածային Շնորհքի հետքերն են որոնք կեանք կը պարգեւեն բոլորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.