2016-02-05 12:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապ - Քիրիլ Պատրիարք պատմական հանդիպում Քուպայի մէջ 12 Փետրուարին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Սուրբ Աթոռի եւ Մոսկուայի Պատրիարքութեան` 5 փետրուար 2016-ին հրատարակած միասնական յայտարարութեամբ, կը տեղեկացուի թէ անոնք ուրախութիւնն ունին տեղեկացնելու թէ` Աստուծոյ շնորհքով, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մոսկուայի ու Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլ, յառաջիկայ 12 փետրուարին, հանդիպում պիտի ունենան Քուպայի մէջ, ուր Նորին Սրբութիւնը Մեքսիքօ կատարելիք առաքելական այցելութեան  ճանապարհին վրայ դադար մը պիտի կատարէ եւ ուր Պատրիարքը երկրին պաշտօնական այցելութիւն կը շնորհէ։

Առանձնական հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Հավանայի Խոսէ Մարթի միջազգային օդակայանին մէջ որուն աւարտին նախատեսուած է միասնական յայտարարութեան մը ստորագրութիւնը։

Այս հանդիպումը` որ երկար ժամանակէ ի վեր կը պատրաստուի,  Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ առաջնորդներու միջեւ, կը հանդիսանայ պատմութեան անդրանիկ հանդիպում մը, որ պիտի յատկանշէ երկու եկեղեցիներու յարաբերութիւններու միջեւ կարեւոր մէկ հանգրուանը։

Սուրբ Աթոռը եւ Մոսկուայի պատրիարքութիւնը իղձ կը յայտնեն որ սոյն հանդիպումը ըլլայ նաեւ յոյսի նշան, բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց համար, ու կը հրաւիրեն բոլոր քրիստոնեաները թախանձագին աղօթելու` որպէսզի Աստուած օրհնէ այս հանդիպումը որպէսզի ան կարենայ բարի պտուղներ արտադրել։








All the contents on this site are copyrighted ©.