2016-02-04 10:49:00

Հայ Քոյրերու աշակերտները կը ծանօթանան Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինի գործունէութեան


Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտները Երկուշաբթի, Փետրուար 1ին առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինի գործունէութեան, երբ Մարմինին ատենապետը՝ Վազգէն Մատենլեան, վարժարան այցելեց։

Մատենլեան աշակերտներուն եւ անձնակազմին հետ հանդիպումներ ունենալով՝ տեղեկութիւններ փոխանցեց Կիրակի, Փետրուար 21ին կայանալիք «Կեանք մը Փրկէ» պատկերասփիւռային դրամահաւաքին մասին («#helpSARF»), քաջալերելով զանոնք, որ գործնականապէս մասնակից դառնան Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն օժանդակութեան ձեռք երկարելու ջանքերուն։

Ան նաեւ յաձնարարեց մասնակցիլ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինին նախաձեռնած՝ խաղաղութեան նշանով նկարուելու «#FlashPeace» արշաւին։








All the contents on this site are copyrighted ©.