2016-02-04 13:11:00

UNICEF-ը Սփիւռքին կոչ կ՝ուղղէ աջակցելու Հայաստանցի փոքրիկներուն


ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի (UNICEF) հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Դանիա Ռատոչայն այսօր յայտնած է, որ հայկական սփիւռքի եւ հայ աշխատանքային գաղթականներու ներգրաւումով հնարաւոր է լուծել Հայաստանի մէջ փոքրիկներու բարեկեցիկ ապագայի խնդիրը:

Այս մասին, ըստ Mediamax.am-ի, Դանիա Ռատոչայն ըսած է Երեւանի մէջ մեկնարկած «Սփիւռքի ներգրաւման նորարարական ռազմավարութիւնը եւ մօտեցումները` փոքրիկներուն առնչուող բարեփոխումներու ոլորտին մէջ» թեմայով համաժողովի ընթացքին:

«ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամը հաւատացած է, որ փոքրիկներու համար բարեկեցիկ կեանքի ապահովումը լաւագոյն ներդրումն է երկրի, ինչպէս նաեւ ազգի ներուժը զարգացնելու տեսանկիւնէն: Եթէ երկրի զարգացումը չ՝ապահովեր փոքրիկներու մասնակցութիւնը, եթէ փոքրիկներէն շատերը երկրի մէջ կ՝ապրին աղքատութեան շեմէն ցած մակարդակով, ուրեմն ատիկա կը շարունակէ մնալ հասարակական անկայունութեան աղբիւր»,- ըսած է հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչը:

Անոր խօսքով` թէեւ Սփիւռքն ու հայ աշխատանքային գաղթողները ունին իրենց հրատապ առաջնահերթութիւնները եւ ինքնուրոյն կ՝որոշեն, թէ ինչպէս եւ ուր ներդրումներ ընել, այնուամենայնիւ, անոնք կրնան միաւորուիլ հայ փոքրիկներու բարեկեցութեան գաղափարին շուրջ:

«Թէեւ գաղթողներու դրամական փոխանցումները մեծ չափով կ՝օգնեն աղքատութեան մէջ գտնուող իրենց ընտանիքներուն, այնուամենայնիւ, աւելի շատ բան հնարաւոր է ընել` գաղթողներու ընտանիքներուն երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ օգնելու եւ անոնց փոքրիկներուն համար աւելի լաւ ապագայ ապահովելու տեսանկիւնէն: Միայն այդ պարագային հայ գաղթողներուն յաջորդ սերունդը կարիք չզգար մեկնելու արտասահման եւ աշխատելու ցած վարձատրուող աշխատանքի դիմաց»,- նկատած է Դանիա Ռատոչայը:

ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակը ԵՄ ֆինանսաւորումով իրականացուցած է «Հասարակական արձագանգ աշխատանքային գաղթին» ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս Հայաստան հրաւիրած են միջազգային փորձագէտներ, որոնք պիտի օգնեն Հայաստանին ուսումնասիրել սփիւռք ունեցող այլ երկիրներու փորձը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.