2016-02-03 13:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուեցաւ ''Քահանայապետական խումբը Դարդանելլիի մէջ 1657''գիրքը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 3 փետրուար 2016-ին,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, անուանի գրող  Տիար Ռինալտօ Մարմարա, Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուց իր հեղինակած ''Քահանայապետական խումբը Դարդանելլիի մէջ 1657''  գիրքին օրինակը։

Վերոնշեալ հատորը, Իտալերէն եւ Թրքերէն լեզուներու  Վատիկանի Առաքելական գրադարանին մէջ պահուած ձեռագիրի մը տառադարձութիւնն է,  որուն մէջ կը պատմուի 1657-ին, Դարդանելլիի պատերազմի իրենց մասնակցութիւնը բերող  Քահանայապետական զօրագունդի մասին։

Նշենք, թէ երեքշաբթի 2 փետրուարի երեկոյեան, վերոնշեալ գիրքի ներկայացան ընթացքին, գիրքին հեղինակը  յայտնեց, թէ Գիրքի նպատակն է   հնարաւորութիւն շնորհել  Թուրք պատմաբաններու եւ ուսումնասիրողներուն  իրենց տրամադրութեան տակ ունենալու Վատիկանի արխիւներու  մէջ պահպանուած կարեւոր եւ պատմական թղթածրարի  մը պարունակութիւնը։

Տիար Ռինալտօ Մարմարա ապա յայտնեց թէ հակառակ՝ հատորին մէջ ներկայացուած  պատմական ցաւալի դէպքերուն, գիրքի հրատարակութիւնը ցոյց կու տայ արխիւները բանալու կարեւորութիւնը` պատմական հետազօտութիւններ կատարելու համար, ի սպաս ճշմարտութեան ծառայութեան եւ ի շահ փոխադարձ հասկացողութեան։ 

Այս լոյսին տակ բարձր գնահատելի է Թուրքիոյ յանձնառումն ու ջանքերը պատմական արխիւներուն բացման, պատմաբաններու  ու ուսումնասէրներուն առջեւ, որպէս նպատակ ունենալով միասնաբար ըմբռնել պատմական դէպքերուն լաւագոյն  հասկացողութիւնը, անկախ կրօնական ու ցեղային պատկանելիութենէն, ներառեալ 1915 թուականին տեղի ունեցող ողբերգական կոտորածները։

Պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցող ողբերգութիւնները պէտք չէ մոռացումի ենթարկուին եւ անոնց ուսումնասիրութիւնը ծառայելու է ''յիշողութեան դարմանումին եւ բիւրեղացումին'' որ անհրաժեշտ պայման մըն է հաշտութեան ու ներումին''։

Անցեալի՝ ցաւերու ու տառապանքներու  յիշատակը մեզ կը խրախուսէ դատապարտելու ամէն տեսակ բռնութիւն եւ ահաբեկչութիւն որուն ականատես կ՝ըլլանք  նաեւ այսօր՝ յատկապէս  յանուն Աստուծոյ գործադրուած տմարդկային արարքները։  








All the contents on this site are copyrighted ©.