2016-02-03 09:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հիացում կը յայտնէ Չինացի ժողովուրդի մշակոյթին ու մեծութեան հանդէպ։


(Ռատիօ Վատիկան) “Asia Times” գործակալութեան հետ ունեցած մէկ ելոյթով ֆրանչիսկոս Պապը իր հիացումը յայտնած է ''Չինաստանի վրայ, անոր մեծ մշակոյթին եւ անոր անհատնում իմաստութեան համար''։

Զրոյցի ընթացքին Սրբազան Պապը իր բարեմաղթութիւնները յայտնած է չինացի ժողովուրդին անոր նախագահ` Xi Jinping-ին, անոնց ամանորին առթիւ, որ այս տարի կը զուգադիպի 8 Փետրուարին։ Երկարաշունչ ասուլիսին ընթացքին հայող Չինաստանի մշակոյթի ու իմաստասիրութեան, առանց անդրադառնալու կրօնական ու քաղաքական հարցերու, ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ ''ինծի համար Չինաստանը հոմանիշ է մեծութեան, մեծ մշակոյթ  ու անսպառ իմաստութիւն։ Յիսուսեան հայր Matteo Ricci` Չինաստանի առաքեալը մեզի սորվեցուց երկխօսութեան մէջ մտնել այս երկրին հետ։ Բազմաթիւ բաներու համար Օրհնուած հող մըն է Չինաստանը եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է յարգել բոլոր քաղաքացիութիւնները։

Սրբազան Հայրը  ոգեկոչեց ապա ապրած յուզումները երբ կը սաւառնէր այդ հողին վրայէն մինչ Յունուար 2015-ին կ՛ուղղուէր դէպի Սիրի Լանքա ու Ֆիլիփինեան կղզեխումբը։

Պատասխանելով խաղաղութեան նիւթի մասին հարցումին Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ  վախը լաւ խորհրդատու մը չէ, ուստի վախնալու չենք մարտահրաւէրներէն, այլ հարկաւոր է կարողութիւնը ունենալ համակեցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի։ Բնականաբար, մատնանշեց ֆրանչիսկոս Պապը, խաղաղութեան հաւասարակշռութիւնը պահել մեծ գրաւ մըն է, Չինաստանը, Եւրոպան ու Արեւմուտքը կարողութիւնն ու ուժը  ունին պահելու հաւասարակշռութիւնը, այս պատճառաւ հարկաւոր է ամէն ջանք դափել այդ կէտ նպատակին հասնելու համար` երկխօսութեան միջոցաւ։ Այլ նախընտրութիւն մը չունինք։

Խօսելով երկխօսութեան մասին ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ ''երկխօսութիւնը փոխզիջում մը չէ այլ միասնական ընթացք մըն է։ Երկխօսութիւնը կը հրաւիրէ հանդիպումին։ Խաղաղութեան ճշմարիտ հաւասարակշռութիւնը կարելի է իրականացնել երկխօսութեան միջոցաւ։ Բոլոր ազգերը կանչուած են իրենց նպաստը բերելու խաղաղութեան եւ հասարակաց բարիքի իրականացումին։

Ողորմութեան Յոբելեանi առթիւ Նորին Սրբութիւնը հրաւէր ուղղեց չինացի ժողովուրդին հաշտուելու իրենց պատմութեան հետ­, իրենց կատարած նուաճումներուն ու ձախողութիւններուն հետ։ Այս կեցուածքը կը տանի հասունութեան ու աճումին - ըսաւ Ան ապա զրոյցի աւարտին­, չինական ամանորին ի տես, որ այս տարի կը զուգատիպի 8 Փետրուարին ու նուիրուած է կապիկին, Սրբազան Հայրը իր ջերմ բարեմաղթութիւնները յայտնեց հանրապետութեան նախագահ Xi Jinping-ին ու համայն չինացի ժողովուրդին։ Աղօթքս է որ բնաւ չկորսնցնեն գիտակցութիւնը ըլլալու մեծանձնութիւն` պատմութեամբ ու իմաստութեամբ հարուստ­։ Մաղթանքս է որ շարունակեն օգնել ու համագործակցիլ բոլորին հետ, հասարակաց տան ու համայն ժողովուրդներու բարօրութեան համար - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.