2016-02-03 09:57:00

Քրուզ եւ Քլինթըն յաղթական Այոուայի մէջ։


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Թի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահական նախնական ընտրութիւններու առաջին քուէարկութիւնները տեղի ունեցան Երկուշաբթի, Փետրուար 1ին, Այոուայի մէջ, որոշելու համար Հանրապետական եւ Դեմոկրատ կուսակցութեանց նախագահական թեկնածուները՝ յառաջիկայ Նոյեմբերին կայանալիք ընտրութիւններուն:

Հանրապետականները, հակառակ ակնկալութեանց՝ յաղթանակ շնորհեցին Թետ Քրուզին, որ խլեց քուէներուն 28 տոկոսը, մինչ Տանըլտ Թրամփ ստացաւ քուէներուն 24 տոկոսը, իսկ Մարքօ Ռուպիօ՝ 23 տոկոս։

Դեմոկրատ կուսակցութեան պարագային, գլխաւոր երկու թեկնածուներուն միջեւ քուէներու տարբերութիւնը շատ աւելի փոքր էր։ Արդարեւ, Հիլըրի Քլինթըն ստացաւ քուէներուն 49.8 տոկոսը, իսկ Պըրնի Սենտըրզ՝ 49.6 տոկոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.