2016-02-03 09:27:00

Մեքսիքոյի եպիսկոպոսներու գնահատումով երկիրը կ՛ուզէ խաղաղութիւն եւ ճշմարտութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ օրերուն Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական այցելութիւն պիտի կատարէ Մեքսիքօ։ ''Երկրին եպիսկոպոսական համահաւաք դասի գնահատումով մեքսիքացիները կը ձգտին խաղաղութեան ու կարիքն ունին ճշմարտութեան''։ Մեքսիքոյի եպիսկոպոսներու հրապարակած հովուական թուղթին մէջ, անոնք կը պարզեն երկրին հարցերը ու  կը դատապարտեն բռնութիւնը­, քննադատելով իշխանութեան պակասը, կազմակերպուած ոճրային կեանքը­, տնտեսութեան տագնապը եւ ապականութիւնը։

Եպիսկոպոսները ապա կոչ կ՛ընեն 2006-2014 տարիներուն առեւանգուած երիտասարդներուն համար։ Անոնք ապա կը մատնանշեն Սրբազան Պապին առաքելական այցելութեան Մեքսիքօ` 12-18 Փետրուար։

Եպիսկոպոսները կը գրեն. ''ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութիւնը մեր մէջ շնորհքի պահ մը պիտի հանդիսանայ եւ առիթ մը հրաւիրելու բնակչութիւնը աւետարանումի ու հաւատքի ամրապնդումին''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.