2016-02-03 14:30:00

ԵՄ դեսպանը խօսած է Հայաստանէն արտագաղթը կանխելու հրատապութեան մասին


Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիթըր Սվիթալսքին այսօր Երեւանի մէջ խօսած է Հայաստանի մէջ արտագաղթի, ԵՄ-ի հետ վիզայի կարգի ազատականացման հնարաւոր վտանգներուն մասին:

Հանդէս գալով «Սփիւռքի ներգրաւման նորարարական ռազմավարութիւնը եւ մօտեցումները` երեխաներուն առնչուող բարեփոխումներու ոլորտին մէջ» համաժողովի բացումին` Փիթըր Սվիթալսքին նկատած է, որ Եւրոմիութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանին` նուազեցնելու եւ կանխելու արտագաղթերու հոսքերը, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:

«Հայաստանը գաղթողներու երկիր է: Հայկական սփիւռքը շատ աշխոյժ է եւ բաւական հզօր լոպպի է շատ երկիրներու մէջ: Հայկական սփիւռքը նաեւ դէպի Հայաստան օտարերկրեայ ներդրումներու աղբիւր է, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ աշխարհի միջեւ մշակութային կամուրջ: Սփիւռքը նաեւ նիւթական աջակցութեան հնարաւորութիւն է, մասնաւորապէս` դրամական փոխանցումներու տեսքով: Բայց անկեղծ ըլլանք, այդ փոխանցումները կը քաղցրացնեն իրավիճակը: Անոնք, որոնք արտասահման են, շատ աւելի մեծ օգուտ կրնան տալ, եթէ մնան իրենց երկիրներուն մէջ»,- ըսած է ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավարը:

Դեսպանին խօսքով` ԵՄ-ն, ըլլալով Հայաստանի ամենամեծ նուիրատուն, կը ցանկայ օգնել ՀՀ իշխանութիւններուն` ստեղծելու պայմաններ, որպէսզի հայերը մնան Հայաստան:

«Մենք կը ցանկանք օգնել երիտասարդ հայերուն` ստանալու համապատասխան որակաւորում: Մեր ծրագիրներուն միջոցով մենք ցանկանք ստեղծել նոր աշխատատեղեր եւ հնարաւորութիւններ, որպէսզի հայերը, մասնաւորապէս` երիտասարդները, իրենց ապագան կապեն Հայաստանի հետ: Այս հողը չափազանց գեղեցիկ է, որ թոյլ կու տաք երիտասարդ տաղադներուն երթալ եւ ապագայ փնտռել այլուր»,- նշած է Փիթըր Սվիթալսքին:

Ան նկատած է, որ այսօր ԵՄ-ն կը փորձէ լուծել Միջին Արեւելքէն դէպի Եւրոպա գաղթերու հոսքերուն խնդիրը, եւ ատիկա, որոշ իմաստով, կ՛առնչուի ԵՄ այլ հարեւաններուն, որոնց շարքին` Հայաստանին:

«Հայաստանի հետ ԵՄ երկխօսութեան ծիրէն ներս վիզաներու դիւրացումէն մենք պէտք է անցում կատարենք մուտքի արտօնագրի ազատականացման: Այս մասին դիւրին չէ խօսիլ: Թէեւ Հայաստանի պարագային խօսք չկայ եւրոպական հասարակութիւններուն մէջ հայ գաղթականներու կլանման մասին: Հայերը լաւագոյններն են ընդելուզման տեսանկիւնէ: Անոնք շատ հարթ կ՛ընդելուզուին արտասահմանի մէջ, բայց միեւնոյն ժամանակ կը պահպանեն իրենց ինքնութիւնը եւ մշակոյթը:

«Հետեւաբար, խնդիրը Եւրոպայի մէջ հայ գաղթականներու հոսքերու կլանման մասին չէ: Խնդիրն այն է, թէ այս երկրի (Հայաստանի – խմբ.) հետ ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ ԵՄ-ն ազատականացնէ վիզային կարգը եւ բանայ սահմանները Հայաստանի համար: Ասիկա պէտք  է հասկնալ»,- ընդգծած է դեսպանը:

Ան աւելցուցած է, որ ԵՄ-ն կը ցանկայ բաց սահմաններ ունենալ Հայաստանի հետ, սակայն, նախեւառաջ, կը ցանկայ համագործակցիլ ՀՀ իշխանութիւններոուն հետ` զարգացնելու երկրի տնտեսութիւնը, որպէսզի «մարդիկ չհիասթափուին, եւ միայն աշխատանք գտնելու համար չլքեն Հայաստանը եւ մեկնին այլ երկիրներ»:

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.