2016-02-02 12:43:00

Տեառնընդառաջի տօնը Քեսապի մէջ։


Կիրակի՝ 31 Յունուար 2016-ին, Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 10 :00-ին Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ Սուրբ եւ անմմահ պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանը, մասնակցութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ Հ.Կ.Մ.ի պատանեկան միութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Հայր Նարեկը իր ֆէյսպուքի էջին մէջ:

Վարդապետը իր քարոզին մէջ բացատրեց տօնին խորհուդը ըսելով.«Տեառնընդառաջի տօնը Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճառ տանելու յիշատակն է, իսկ խարոյկ վարելը եւ օրհնուած մոմեր տուները տանիլը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի լոյսը, որովհետեւ Ինքն է լոյսը աշխարհին»:

Խորանի լոյսը՝ կրակը այս տարի դէպի խարոյկ փոխադրեց Քեսապցի Քէշիշեան ընտանիքի Պապուկը՝ Ներսէսը, Զաւակը՝ Արան եւ թոռնիկը՝ Նարեկը, որպէս խորհրդանիշ Հայու հաւատքին եւ աւանդութիւններուն, որունք կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ:

Պատարագի աւարտին օրհնուեցան մոմերը ու եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ մէջ տեղի ունեցաւ կարակավառութիւնը եւ անդաստանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.