Ըստ Հրէական Օրէնքի` ամէն արու զաւակի ծնունդէն յետոյ, երբ կը լրանան սրբագործման
քառասուն օրերը, նորածինին մայրը իր երեխայի հետ կ'այցելէր Տաճար, զոհ կը մատուցանէր
եւ օրհնութիւն կը ստանար քահանայէն: Այսպէս Ս. Աստուածամայրը քառասնօրեայ Յիսուս Մանկան
հետ կը ներկայանայ Տաճար: Այս մասին կը յիշատակէ Ղուկաս Աւետարանիչը: Ներկայացնելով Յիսուսի
կեանքի այս դրուագը՝ Աւետարանիչը կը պատմէ նաեւ Սիմէոն ծերունիին մասին, որուն Ս. Հոգիէն
հրամայուած էր մահ չտեսնել, մինչեւ Տիրոջ Օծեալը տեսնելը:
Հայ Եկեղեցւոյ կանոնին համաձայն, տօնին նախօրէին, երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ կը կատարուի
նախատօնակ, որ կ'աւետէ Տերունի տօնին սկիզբը: Նախատօնակի արարողութեան աւարտին՝ կը կատարուի
հնաւանդ անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին կ'օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը: Եկեղեցւոյ
կանթէղներէն վերցուած կրակով կը վառուին խարոյկներ՝ իբրեւ Քրիստոս լոյսի խորհրդանիշ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |