2016-02-02 10:40:00

Հայաստանը Ազատ Տնտեսութիւններու վարկանշային ցանկին վրայ 54-րդ հորիզոնականին։


Հայաստանը յայտնուած է տնտեսական ազատութեան վերաբերեալ վարկանշային ցանկի 54-րդ հորիզոնականին: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Տնտեսական ազատութեան մասին կը հաշուարկեն ամերիկեան Heritage Foundation հետազօտական ուսումնարանն ու The Wall Street Journal պարբերականը:

Նախաբանը հրապարակուած է Heritage Foundation-ի կայքին մէջ: Ցանկի վրայ  ընդգրկուած է 178 երկիր:

Հայաստանը, հաւաքելով 67.0 միաւոր, յայտնուած է երկիրներու խումբին մէջ, որոնց տնտեսութիւնը կը համարուի «չափաւոր ազատ»: Անցեալ տարի Հայաստանը հաւաքած է 67,1 միաւոր` յայտնուելով 52-րդ տեղը:

Վրաստանը յայտնուած է 23-րդ տեղը` 72.6 միաւորով, Ատրպէյճանը` 91-րդ տեղը` 60.2 միաւորով: Թուրքիան ցանկին վրայ յայտնուած է 79-րդ տեղը, Իրանը` 171-րդ, իսկ Ռուսիան զիջած է դիրքերը 10 կէտով` հասնելով 153-րդ հորիզոնականին:

Ամենաազատ տնտեսութիւններով երկիրներ ճանչցուած են, ինչպէս եւ մէկ տարի առաջ, Հոնկ Քոնկը, Սինկափուրը եւ Նոր Զելանտիան, իսկ ոչ ազատ` Վենեզուելան, Քուպան եւ ԿԺԴՀ-ն: ԱՄՆ ցանկի վրայ զբաղցուցած է 11-րդ տեղը, իսկ Չինաստանը` 144-րդ:

Վարկանշային ցանկը կազմողները հաշուի կ՝առնեն տնտեսական ազատութեան մակարդակը, որ անոնք կը գնահատեն տասը չափորոշիչի հիման վրայ: Անոնցմէ են սեփականութեան իրաւունքներու երաշխիքը, կաշառակերութենէն ազատութիւնը, պետական ծախսերու արդիւնաւէտութիւնն ու թափանցիկութիւնը, առեւտուրի ազատութիւնը եւ աշխատաշուկայի ճկունութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.