2016-02-02 09:18:00

Կարդինալ Փարոլինի Պետական այցելութիւնը Զլովենիա։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 2 Փետրուարէն մինչեւ հինգշաբթի 4 փետրուար, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Պետական այցելութեամբ կը գտնուի Սլովենիայի մէջ, ուր օրհնութիւնը պիտի կատարէ Սլովենիայի մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նոր դեսպանատան։

Իր կեցութեան ընթացքին կարդինալ Փարոլին հանդիպումներ կ՛ ունենայ Երկրի Վարչապետ Միրօ Չերարի հետ որուն հետ ապա պիտի ստորագրէ միասնական յայտարարութիւն, մը իսկ 2 փետրուարի երեկոյեան Լուպիանայի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կը գլխաւորէ Կրօնաւորական Տարւոյն եզրափակիչ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը։

Չորեքշաբթի 3 Փետրուարին Կարդինալ Փարոլին պաշտօնական հանդիպում կ՛ունենայ Սլովենիայի Նախագահ` Տիար Պորութ Փահորի հետ ապա նոյն օրը կէսօրին Լուպիանայի մէջ Սուրբ Աթոռի նոր դեսպանատան բացումն ու օրհնութիւնը կը կատարէ։

Հինգշաբթի 4 փետրուարին նախ քան Վատիկան վերադարձը Կարդիալ Փարոլին կ՛այցելէ նաեւ Տողովայի Գաղթականներու Ճամբարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.