2016-02-01 09:49:00

Տեառնընդառաջ, մոմերու օրհնութիւն և անդաստան


Կիրակի 31 Յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու վանքի Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ և Անմահ Պատարագը մատոյց Ս. Միքայէլ և Եր. Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի փոխ տեսուչ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան: Ս. Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ և Մեծաւոր Զմմառու վանքի՝ Գերապայծառ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, վարչական Հայրեր, դպրեվանքի սաներն ու հաւատացեալներ: Պատարագիչ Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Տեառընդառաջի ծիսական իմաստին, ըսաւ. «Եկեղեցւոյ Հայրերը իմաստութեամբ Եկեղեցական տարին բաժնած են ծիսական զանազան ժամանակաշրջաններու, որոնք կը խրախուսեն մեզ վերապրելու քրիստոէութեան պատմութեան զանազան դէպքերը և Քրիստոսի կեանքին խորհուրդները: Սակայն մարդս այս աշխարհիս վրայ ենթակայ է ներքին և արտաքին փորձութիւններու, որոնց դէմ ան պայքար մղելու է ամէն օր և ամէն վայրկեան, անոնց յաղթահարելու համար: Այն մոմերը որ այսօր կ'օրհնենք, մեր քրիստոնեայ հաւատքին աննիւթական արտայայտութիւններուն մէկ երեւոյթն են: Այսօր՝ Եկեղեցին կը գովերգէ Քրիստոսի աշխարհ բերած լոյսը, ըստ Սիմէոն Ծերունիին Մանուկ Յիսուսին ուղղած խօսքին. «Լոյս ի յայտնութիւն հեթանոսաց»: Այս օրհնուած մոմերով թէ՛ մեր հոգիները և թէ՛ մեր ընտանեկան յարկերը կը լուսաւորենք»:
Պատարագի ընթացքին՝ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի մոմեղինաց օրհնութիւն: Այնուհետեւ հինաւուրց աւանդութեան համաձայն, խարոյկ վառուեցաւ և անդաստան կատարուեցաւ բոցավառ խարոյկին շուրջ, եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ: 








All the contents on this site are copyrighted ©.