2016-02-01 10:02:00

Ողորմութեան քարոզիչները պատրաստ են մեկնելու առաքելութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Յոբելեանի մեծագոյն պահերէն մէկը կը հանդիսանայ Ողորմութեան Յոբելեանի քարոզիչներու մեկնումը աշխարհի չորս ծագերուն։

''Անոնց առաքումի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 10 Փետրուարին, ֆրանչիսկոս Պապի օրհնութեամբ և այդ պահը պիտի հանդիսանայ ամենէն խօսուն ու նշանակալից դէպքը Ողորմութեան յոբելենական տարւոյն̦'' ըսած է գերապայծառ ֆիզիքելլա` կազմակերպիչը Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն­,­ որուն գնահատումով 8 դեկտեմբերէն մինչեւ այսօր` աւելի քան 1,4 միլիոն հաւատացեալներ անցան Ս﹒ Դռնէն։

Իտալիոյ մայրաքաղաքը կը պատրաստուի ընդունելու 700 քարոզիչներ, ընտրուած ֆրանչիսկոս Պապէն, որոնց պիտի տրուի առանձնաշնորհումը ըլլալու վկաները Ողորմութեան իրենց տեղական եկեղեցիներուն մէջ։

Յառաջիկայ 9 Փետրուարին, Սրբազան Քահանայապետը  հանդիպում պիտի ունենայ Ողորմութեան Յոբելեանի քարոզիչներուն  հետ եւ յաջորդ օրը` չորեքշաբթի 10 Փետրուարին, մոխրոց Օրուան առթիւ, համապատարագ պիտի մատուցէ եւ հրահանք պիտի տայ անոնց արձակելու մեղքեր որոնք վերապահուած են Ս﹒ Աթոռին։

Գերապայծառ ֆիզիքելլան ըսաւ﹒ ''Անոնց պարտականութիւնը պիտի ըլլայ աւետել Աստուծոյ ողորմութեան գեղեցկութիւնը և ըլլալ համեստ ու իմաստուն խոստովանահայրեր` կարող ներելու մեղաւորները։








All the contents on this site are copyrighted ©.