2016-02-01 09:35:00

Իսլամ 250 ուսումնասէրներ կը խնդրեն բոլորին համար կրօնական ազատութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 27 Յունուարին` Մարաքէշի մէջ, 250 ուսումնասէրներ ստորագրուած են խնդրագիր մը որով կոչ կ՛ ուղղեն իսլամ իրաւագիտութեան, զարգացնելու քաղաքացիութեան նշանակութիւնը զայն իւրացնելով իսլամ աշխարհի բոլոր բնակիչներուն համար։

Մարոքի իսլամական հարցերու նախարարութեան խնդրանքով ժողով գումարուած է Մարաքէշ եւ աշխատանքներուն աւարտին 250 ուսումնասէրներ խնդրած են իսլամ աշխարհի մէջ բնակող բոլոր քաղաքացիներուն ճանչնալ կրօնական ազատութիւնը։

Յայտնենք որ Մարաքէշի յայտարարութիւնը կ՛ իւրացնէ Մետինայի վաւերաթուղթը որուն այս տարի կը վերակոչուի  հրատարակութեան 1400րդ ամեակը։ Իսլամ ուսումնասէրները խնդրած են նաեւ որ նոր սերունդը դաստիարակուի այդ ուղղութեամբ եւ կը պահանջեն  չի շահագործել կրօնքը հարուածելու իսլամ աշխարհի մէջ ապրող կրօնական փոքրամասնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.