2016-02-01 09:38:00

Դամասկոսի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ մեծ թիւով զոհեր պատճառեցին


Դամասկոսի արուարձաններէն Սայիտա Զայնապ աւանին մէջ ահաբեկչական երեք գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 50 քաղաքացի եւ վիրաւորուած՝ 110։ Այս մասին կը հաղորդէ Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթը:

Առաջինը տեղի ունեցած է հանրակարգի մը մօտ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին հետեւանքով, որուն յաջորդող վայրկեաններուն, երբ շտապ օգնութեան ծառայողներ եւ քաղաքացիներ կը փութային վիրաւորներու օգնութեան, երկու ահաբեկիչներ իրենք զիրենք պայթեցուցած են՝ պատճառ դառնալով անմեղ քաղաքացիներու սպանութեան։

Ժամեր անց, ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը որդեգրած է գործողութիւնը։

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դատապարտած է ահաբեկչական գործողութիւնը, դիտել տալով, որ անիկա սուրիական տագնապի լուծման բանակցային գործընթացը խափանելու կոչուած արարք է։ Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտարարած է, թէ ահաբեկիչներ նման անմարդկային արարքներով յուսահատ փորձեր կը կատարեն զինեալ ահաբեկիչներուն պարտութիւնը քողազերծելու եւ անոնց ոճրագործական անբարոյ արարքները խթանելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.