2016-02-01 09:42:00

Աւստրիա որոշած է 50 հազար գաղթականներ վերադարձնել իրենց երկիրները


Աւստրիական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Աւստրիոյ կառավարութիւնը յայտարարած է, թէ մտադիր է յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին 50 հազար գաղթականներ վերադարձնել իրենց երկիրները:

Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը փաստաթուղթ մը հրապարակելով յայտնեց, որ յանցագործներու արտայանձնումին եւ երկրէն վտարումին գործողութիւնները արագացնելու միջոցառումներ որդեգրած է:

Նշենք, որ աւստրիական իշխանութիւնները որոշած են 2016-ին ապաստանի  միայն 37,500 դիմում ընդունիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.