2016-02-01 09:21:00

Ամերիկեան ուսումնասիրութեան կեդրոն. ''ֆրանչիսկոս Պապ ու Ս﹒ Աթոռի դերակատարութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Առաջին անգամն ըլլալով` Հռոմի ամերիկեան ուսումնասիրութեան կենդրոնը ամբողջ տարուայ մը երկարութեամբ իրեն աշխատանքը պիտի կեդրոնացնէ ֆրանչիսկոս Պապի ու Ս﹒ Աթոռի դերին վրայ` միջազգային քաղաքականութեան մէջ։

2016-ի առաջին ուսումնաժողովը  պիտի յատկացուի ֆրանչիսկոս Պապի Մեքսիքօ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան եւ կլոր սեղան մը պիտի կազմակերպուի կրօնական ազատութեան մասին։

Վերոյիշեալ կեդրոնի տնօրէն` Փաուլօ Մեսայի գնահատումով Վատիկանը այսօր արտակարգ քառաթեւ մը դարձած է դիւանագիտական գետնի վրայ։ Բաւարար  է յիշել պատմական արդիւնքը Գուպայի ճամբորդութեան։ Ակնյայտ է  ներկայ Պապին եւ ընդհանրապէս Ս﹒ Աթոռին դրական ազդեցութիւնը` որ կարելի չէ անտեսել, չուսումնասիրել, չվերլուծել,  չպատմել ու խորացնել այս իրականութիւնը։

2016-ին պիտի սերտուին հետեւեալ նիւթերը﹒ կրօնական ազատութիւնը, երկխօսութիւնը կրօններու միջեւ, Պապին կատարելիք ճամբորդութիւնները` յատկապէս կեդրոնանալով Ամերիկայի ու բնականաբար Լատին Ամերիկայի վրայ։

Մոռնալու չենք որ Պապին Այցելութիւնը ԱՄՆ եղաւ պատմական եղելութիւն մը։ Անոր միջամտութիւնը ազգային ժողովին մէջ եղաւ պսակումը անոր աշխարհաքաղաքական դերին` առանց մոռնալու անոր վճռական միջամտութիւնը կլիմայի յեղաշրջումի հարցին վերաբերեալ յայտնած է  Հռոմի ամերիկեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն` Փաուլօ Մեսա։








All the contents on this site are copyrighted ©.