2016-01-31 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Սուրբ Հաղորդութեան 51-րդ գիտաժողովի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆիլիփինեան Կղզեխումբի Սեպու քաղաքին մէջ 25 -31 Յունուար 2016 կայացած ''Քրիստոս ձեր մէջ փառքի յոյս է''  նիւթով, Ամենասուրբ Հաղորդութեան 51-րդ գիտաժողովին եզրափակումին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց ժողովականներուն որուն մէջ ողջունելով զանոնք վերյիշեց մէկ տարի առաջ  Ֆիլիփինեան կղզեխումբ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը եւ այդ առթիւ նշմարած ժողովուրդին խոր հաւատքը որ օրինակ կը հանդիսանայ համայն Եկեղեցւոյ։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովի նիւթին ''Քրիստոս ձեր մէջ փառքի յոյս է'' դիտել տալով թէ այս խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն որ Յարուցեալ Յիսուսը միշտ կենդանի ու ներկայ է իր եկեղեցւոյ մէջ, յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ` որ է Անոր Մարմնոյ եւ Արեան Խորհուրդը։

Յիսուսի ներկայութիւնը մեր մէջ մխիթարութենէն անդին  խոտում ու  հրաւէր մըն է - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը -  Խոստում` յաւիտենական ուրախութեան եւ խաղաղութեան եւ հրաւէր` յառաջ ընդանալու որպէս միսիոնարներ, ամենուրէք տանելու քնքշութեան, ներումի եւ Հօր ողորմութեան  պատգամը` ամէն մէկ այր մարդու կնոջ ու մանուկին։ 

Որքան մեր աշխարհը կարօտն ունի այս պատգամին։ Երբ մտաբերենք հակամարտութիւնները, անարդարութիւնները եւ մարդկայնական տագնապները որ կը յատկանշեն մեր ժամանակաշրջանը կ՛անդրադառնանք թէ որքան կարեւոր է որ ամէն մէկ քրիստոնեայ դառնայ իսկական աշակերտ-առաքեալ որ Քրիստոսի սիրոյ բարի լուրը կը հաղորդէ աշխարհի մը որ կարիքը ունի հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան, ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով ապա թէ նպատակայարմար է որ այս գիտաժողովը կայացաւ Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս որուն ընթացքին համայն Եկեղեցին կանչուած է կեդրոնանալու Աւետարանի սրտին վրայ` որ է Ողորմութիւնը։ Կանչուած ենք տանելու Աստուծոյ ողորմած սիրոյ անուշաբոյր իւղը համայն մարդկային ընտանիքին, խնամելու վէրքերը, յոյս տանելով այնտեղ ուր յուսահատութիւն կը տիրէ, յարեց Քահանայապետը ու շեշտը դրաւ Յիսուսի` վերջին ընթրիքի պահուն կատարած երկու ներգործութիւններուն վրայ` Հաղորդութիւնը եւ Ոտնլուան։

Գիտենք որքանով կարեւոր էր Յիսուսին համար սիրոյ սեղանը  բաժնեկցիլ իր աշակերտներուն հետ ու յատկապէս մեկուսացեալներուն հետ։ Այնտեղ է որ Ան կ՛ունկնդրէր անոնց պատմութիւնները ու կը հասկնար անոնց ձգտումներն ու յոյսերը, անոնց խօսելով Հօր Աստուծոյ սիրոյ մասին։

Ամէն մէկ Տիրոջ սեղանին ընթացքին մենք եւս ներշնչուելու ենք անոր օրինակէն ու բաժնեկցելու ենք պարգեւները զոր ընդունեցանք – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ ակնարկեց Ասիական եկեղեցւոյ այլ կրօններու հետ յարգելի երկխօսութիւն հաստատելու յանձնառումին, ապա խօսեցաւ Յիսուսի երկրորդ պատուէրի մասին` ոտնլուան։ Սուրբ Հաղորդութիւնը ծառայութեան դպրոց է։ Մեզ կը սորվեցնէ ուրիշներուն օգնել, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ակնարկեց Ֆիլիփինեան Կղզիները անցեալները հարուածող Մրրիկին ու մրրիկէն ետք յայտնաբերուած զօրակցութեան եւ աջակցութեան եւ հաստատեց թէ Սուրբ Հաղորդութիւնը մեզի կը խօսի այս ուժականութեան մասին որ կը բարեփոխէ սրտերը։ Ան մեզի կը յանձնարարէ խնամել աղքատները ու զգայուն ըլլալ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ճիչին։ Ան մեզի կը սորվեցնէ մերժել անարդարութիւնը, կաշառառութիւն որոնք կը թիւնաւորէն ընկերութիւնը։

Լսատեսողական պատգամին աւարտին Սրբազան Պապը քաջալերեց ներկաները յառաջ ընդանալու, եկեղեցական հաղորդութեամբ ու միսիոներական նոր սլացքով ամենուրէք տանելու համար Քրիստոսի սէրը որպէս համայն աշխարհի համար հաշտութեան ու խաղաղութեան թթխմոր։

Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետը  պատգամը եզրափակեց հաստատելով թէ յառաջիկայ Ամենասուրբ Հաղորդութեան միջազգային գիտաժողովը պիտի կազմակերպուի 2020-ին, Հունգարիոյ Պուտափեսդ քաղաքին  մէջ ու հրաւիրեց բոլորը աղօթել այդ դիտաւորութեան համար ու տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.