2016-01-31 12:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 31 Յունուարի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 31 Յունուար 2016-ի կէսօրին­, աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ,  որոնց շարքին 'Ացիոնէ Քաթթոլիքա'' իտալական բանուորներու ընկերակցութեան պատանիները։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը քաղուած Ղուկաս աւետարանիչի չորրորդ գլուխէն ուր կը խօսուի Յիսուսի Գալիլեա քաղաքի իր ծննդավայրը Նազարէթ կատարած այցելութեան մասին ու այդ այցելութեան ծիրէն ներս` շաբաթ օրով, Ժողովարան մտնելու մասին, ու այնտեղ կատարած Եսայի Մարգարէի գիրքէն ընթերցումին։

Յիսուսի հայրենակիցները սկիզբը հիացած անոր խօսքերէն սկսան մրմնջել հարց տալով թէ ''ինչու այն ինչ որ լսած ենք որ ըրած ես Կափարնաում նոյնը հոս` քու հայրենիքդ մէջ չես ընէր եւ Յիսուս անոնց կը պատասխանէ ''Չկայ մարգարէ մը որ ընդունելի ըլլայ իր հայրենիքին մէջ, մէջբերելով Եղիա եւ Եսայի մարգարէներու օրինակները։ Այդ խօսքերէն ետք ժողովարանին մէջ ամէնքը բարկութեամբ լեցուեցան ու Յիսուսը կ՛ուզէին գահավիժել սակայն Ան անցաւ անոնց մէջէն եւ շարունակեց իր ճամբան։

Ղուկասի այս հատուածը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը պարզ դրուագ մը չէ որուն ընդմէջէն իր յայտ կու գայ հայրենակիցներու միջեւ վիճաբանութիւն մը, այլ ի յայտ կը դնէ այն փորձութիւնը որուն ենթարկուած է հոգեւորական  մարդը` եւ որմէ միշտ հեռու մնալու ենք, այն է կրօնը նկատել որպէս մարդկային ներդրում։

Յիսուս կարդալէ ետք Եսայի Մարգարէին գիրքի հատուածը կ՛ըսէ ''այսօր իրականացաւ այս գրուածքը զոր դուք լսեցիք'' այդ ''այսօր''ը ըսաւ Սրբազան Պապը կը հնչէ նաեւ այս հրապարակին վրայ մեզի յիշեցնելով Յիսուսի` մարդկութեան բերած փրկութեան այժմէականութիւնը։

''Աստուած կ՛ընդառաջէ մարդուն ամէն ժամանակներու եւ ամէն վայրերու մէջ որոնց մէջ ան կը գտնուի։ Ան դէպի մեզ կու գայ։ Ինքն է որ միշտ առաջին քայլը կ՛ընէ. Մեզի կու գայ այցելելու իր ողորմութեամբ, մեզի ոտքի կանգնեցնելու մեր մեղքերու փոշիներու ընդմէջէն, մեզի իր ձեռքը երկարելու ու մեզ հրաւիրելու` ընկալելու Աւետարանի մխիթարիչ ճշմարտութիւնը ու քալելու բարի ճանապարհներու վրայ''  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու նկատել տուաւ թէ հաւանական էր որ այդ օր Ժողովարանին մէջ ներկայ ըլլար նաեւ Մարիամ` Մայրը։

Կրնանք երեւակայել անոր սրտի տրոփումը, տեսնելով իր զաւակը նախ հիացումի արժանացած ապա մահուան սպառնալիքի տակ։ Անոր հաւատքով լի սրտին մէջ, պահպանուած է ամէն ինչ։ Ինք թող մեզ օգնէ ապաշխարելու եւ հրաշքներու աստուծմէ անցնելու Աստուծոյ Հրաշքին` Յիսուս Քրիստոսին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը ապա աղօթեց Մարեմեան Աղօթքը որմէ ետք ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւացեալներուն վերյիշելով թէ այսօր կը նշուի ''բորոտութեան'' համաշխարհային օրը, հիւանդութիւն որ թէեւ նուազած է սակայն տակաւին կը հարուածէ յատկապէս աղքատ եւ մեկուսացեալ անձերը։ Վեր պահենք զօրակցութեան հոգին մեր այս եղբայրներուն նկատմամբ հրաւէր ուղղեց Սրբազան Հայրը խրախուսելով աղօթել անոնց ու զանոնք խնամող անհատներուն համար։

Ան ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ''Ացիոնէ Քաթթոիա'' շարժումի անդամներուն որոնք հրապարակ ժամանած են ''Խաղաղութեան Կարաւան'' ձեռնարկի առթիւ։

''Սիրելի պատանիներ կը քաջալերեմ որ ըլլաք խաղաղութեան եւ ողորմութեան գործիքներ'' ըսաւ անոնց Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց իր մօտ գտնուող ''Ացիոնէ Քաթթոլիքա'' շարժումի անդամ երկու պատանիներ, կարդալու խաղաղութեան պատգամը որուն աւարտին դէպի երկինք արձակուեցան խաղաղութիւնը յատկանշող գունաւոր փուչիկներ։

''Բոլորիդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ բարի ախորժակ։ Հաճեցէք չմոռնալ աղօթել ինծի համար։ Ցտեսութիւն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առնելով բոլոր ներկաներէն եւ եզրափակելով Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.