2016-01-30 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Յոբելենական Տարւոյն հրապարակային ամսական ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 30 Յունուար 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ըստ Յոբելենական տարւոյն ծրագրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց Ողորմութեան Յոբելենական Տարւոյն ամսական առաջին հրապարակային ունկնդրութիւնը, այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ,  այս առթիւ արտասանած ճարը կեդրոնացնելով Ողորմութեան եւ Առաքելութեան նիւթերու վրայ։

Սիրեցեալ Եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ նորին Սրբութիւնը, օրէ օր կը ներթափանցենք Ողորմութեան սուրբ տարուայ մէջ։ Իր շնորհքով Տէրը մեր քայլերը կ՛ուղղէ, մինչ Սուրբ Դուռէն կ՛անցնինք­, ու մեզ կը դիմաւորէ որպէսզի մեր հետ մնայ միշտ, հակառակ մեր դերութիւններուն ու մեր հակասութիւններուն։ Չի յոգնինք երբեք կարիքն զգալ ներում հայցելու, որովհետեւ երբ տկար ենք Անոր մօտիկութիւնը մեզ զօրեղ կը դարձնէ ու մեզի թոյլ կու տայ աւելի մեծ ուրախութեամբ ապրելու մեր հաւատքը -ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա բացայայտեց Ողորմութեան եւ Առաքելութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապը ըսելով. ''Այնպէս ինչպէս Սուրբ Յովհանէս Պօղոս Բ կը յիշեցներ. Եկեղեցին կ՛ապրի իսկական կեանք մը երբ կը դաւանի ու կը հռչակէ ողորմութիւնը եւ երբ մարդիկը կը մօտեցնէ ողորմութեան ակնաղբիւրին''։

Որպէս քրիստոնեայ պարտականութիւնն ունինք ըլլալու Աւետարանի միսիոնարներ։ Երբ բարի լուր մը առնենք ու երբ գեղեցիկ փորձառութիւն մը ապրինք բնական է որ կարիքն ունինք զայն բաժնեկցելու ուրիշներուն հետ` մղուած ուրախութենէն - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հաստատեց ''միեւնոյնը պատահելու է նաեւ երբ Տիրոջ կը հանդիպինք։ Անոր հետ հանդիպման իսկական նշանը, լուրը ուրիշներուն հաղորդելու ուրախութեան մէջ կը գտնուի։ Այս եղաւ նաեւ առաջին առաքեալներուն ապրած փորձառութիւնը` Յիսուսի հետ առաջին հանդիպումէն ետք Անդրէաս` գնաց զայն աւետելու իր եղբօր Պետրոսին, նոյնը ըրաւ նաեւ Փիլիպպոսը` Նաթանիելին հետ.

Յիսուսին հանդիպիլ կը նշանակէ հանդիպիլ անոր սիրոյն հետ։ Այն սէրը որ մեզ կը կերպարանափոխէ ու մեզ կարող կը դարձնէ ուրիշներուն փոխանցելու ուժը` զոր մենք կ՛ընդունինք։

Ողորմութիւնը զոր Հայրը մեզի կը պարգեւէ, առանձնական մխիթարութիւն մը չէ, այլ մեզ կը դարձնէ գործիքներ որպէսզի ուրիշները եւս զայն ընդունին։ Ողորմութիւնը ապրիլը մեզ առաքեալ կը դարձնէ, ու առաքեալ ըլլալը մեզի կարելիութիւն կու տայ աւելիով աճելու Աստուծոյ ողորմութեան մէջ։ Լուրջի առնենք ուրեմն մեր քրիստոնեայ իրավիճակը եւ յանձնառու ըլլանք ապրելու մեր հաւատացեալի կեանքը, որովհետեւ միայն այսպէս է որ Աւետարանը կրնայ դպչիլ մարդոց սրտերուն ու զանոնք բանալ որպէսզի ընդունին սիրոյ շնորհքը` Աստուծոյ անհուն ողորմութիւնը որ բոլորը կ՛ընկալէ - ըսաւ Սրբազան Հայրը ճարը եզրափակելով հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալները եւ ողջոյններու աւարտին ուզեց յատուկ օրէն վերյիշել Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ երբեմնի աշխատակից` Տիկ Էլվիրան որ ''երկար հիւանդութենէ մը ետք իր հոգին աւանդեց առ Հայր'' ըսաւ Ֆրանչսիկոս Պապ յայտնելով իր տխրութիւնը ու յորդորելով  ներկաները աղօթել ննջեցեալներուն համար ու մխիթարել սգաւորները ապա հրաւիրեց միասնաբար աղօթել ''Ողջոյն քեզ Մարիամ '' աղօթքը Էլվիրայի հոգւոյն հանգստեան դիտաւորութեան։

Սրբազան Հայրը հրապարակային ունկնդրութիւնը եզրափակեց յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն ու բոլորին տուաւ առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.