2016-01-30 11:22:00

''Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն'' հաստատութեան ''գովազդ''ը հայող Քրիստոնեաներու հալածանքներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնեաներու կրած  հալածանքներու մասին  հանրութեան կարծիքը արթնցնելու ու այս հարցը աւելիով արծարծելու  նպատակով ՝տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական բարեսիրական հաստատութիւնը նախաձեռնած է ծանուցումներու շարք մը, որոնք պիտի սփռուին` կիրակի 31 յունուարէն  մինչեւ 6 փետրուար, Իտալական  կարեւորագոյն հեռուստակայաններէն եւ Ռատիոներէն։

30 երկվայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզը կը սկսի  Ֆրանչիսկոս Պապի` 15 մարտ 2015-ին Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին ընթացքին արտասանած հետեւեալ զօրաւոր խօսքերով, ՝՝Մեր եղբայրները իրենց արիւնը կը թափեն միայն որովհետեւ քրիստոնեայ են''։

Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն Իտալական բաժանմունքի տնօրէն` Տիար Ալեսսանտրօ Մոնթետուրօ,  յայտնեց թէ  ''շատերու  որդեգրած լռութեան կեցուածքի դիմաց Ֆրանչիսկոս Պապի նման հսկայ մը, երբեք պիտի չի դադրի վերյիշել ու յիշեցնել քրիստոնեաներու կրած հալածանքները, զոր տեղի կ՝ունենան աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ։  Չկան աւելի լաւ խօսքեր քան Ֆրանչսիկոս Պապին արտասանած խօսքերը,  լաւագոյն կերպով նկարագրելու համար աշխարհի մէջ 200 միլիոն քրիստոնեաներուն ողբերգութիւնները'' դիտել տուաւ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն Իտալական բաժանմունքի տնօրէնը։

Նշենք, թէ ծանուցումին ծրագրի  իրականացումը մաս կը կազմէ  ՝ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն  հաստատութեան շարք մը ձեռնակներուն, որոնց նպատակն է դատապարտել քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած հալածանքները, եւ աւելացնել  հանրութեան տեղեկութիւններն ու գիտակցութիւնը նիւթի մը մասին որ տակաւին շուքի տակ կը գտնուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.