2016-01-30 10:39:00

Սէուտական Արաբիոյ արեւելքը մզկիթի մը դէմ յարձակում


Սէուտական Արաբիոյ արեւելեան Ահսա շրջանի Մահասեն գիւղի Իմամ Ռիտա մզկիթին դէմ յարձակում մը երէկ պատճառեց 5 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Ըստ Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութեան, ականի մը պայթումին եւ ատոր յաջորդող կրակոցին պատճառով արձանագրուած է 2 զոհ եւ 7 վիրաւոր:

Մզկիթին առջեւ տեղի ունեցած է պայթում մը, որուն յաջորդած է կրակոց: Ականատեսներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ ապահովական մարմիններուն եւ «ահաբեկիչներուն» միջեւ փոխադարձ հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է:

Ականատեսներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ահաբեկիչները ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին մզկիթին առջեւ ռումբ մը պայթեցուցած են, ապա անոնցմէ մէկը մզկիթ մուտք գործելով կրակ բացած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.