2016-01-30 10:22:00

«Արի Տուն» ծրագիրով Հայաստան պիտի այցելէ 1100 սփիւռքահայ երիտասարդ


Հայ մշակոյթի եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայաստան­ Արցախ-Ս­փիւռք կապերու ամրապնդման աջակցման նպատակով այս տարի տեղի պիտի ունենայ  «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը: Ձեռնարկներու  ծրագիրը հաստատուեցաւ Յունուար 29-ի կառավարութեան նիստի ընթացքին: Նախորդ փառատօնը իրականացուած էր 2012 թուականին:

«Արմենփրես»-­ի հաղորդմամբ` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ ծրագիրը պիտի ֆինանսաւորուի ՀՀ 2016 թուականի պետական պիւտճէի «Մշակութային միջոցառումներու իրականացում» ծրագրի ծիրէն ներս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ չարգիլուած այլ միջոցներու հաշուին:

Մէկ այլ նախագիծով ալ հաստատուեցաւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2016 թուականի ծրագիրն ու ձեռնարկներու ցանկը: «2015 թուականին «Արի տուն» ծրագրին 8 փուլով մասնակցել է շուրջ 1103 սփիւռքահայ երիտասարդ աշխարհի 40 երկրից»,- ըսած ­ է Յակոբեան:

2016 թուականին կ՛ակնկալուի մինչեւ 1100 սփիւռքահայ երիտասարդի այցելութիւն Հայաստան: Անոնք նախ պիտի հիւրընկալուին հայաստանեան ընտանիքներու մէջ, ապա իրենց հասակակիցներու հետ պիտի մասնակցին «Արի տուն» ճամբարին: Ծրագրի իրականացման աշխատանքները համակարգելու եւ պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու նպատակով պիտի ստեղծուի ծրագրի իրականացման միջգերատեսչական համակարգող յանձնաժողով եւ աշխատանքային խումբ: Ծրագրի իրականացման կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ կ՛ակնկալուի գործընկեր հասարակական երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ երիտասարդ կամաւորներու ներգրաւում:








All the contents on this site are copyrighted ©.