2016-01-29 13:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հաւատոյ համաժողովի անդամները


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 29 յունուարի կէսօրին, Վատիկանի  Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հաւատոյ համաժողովին աւելի քան 80  անդամներ, որոնք Հռոմի մէջ գումարած էին իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովը։

Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ անոնց ուղղեց պատգամ մը որուն մէջ ակնարկելով Ողորմութեան յոբելենական Սուրբ Տարուան, յոյս յայտնեց որ Եկեղեցւոյ բոլոր անդամները վերանորոգեն  իրենց Հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի մէջ, որ է Հօր Աստուծոյ ողորմութեան դիմագիծը ինչպէս նաեւ  Աստուած եւ մարդ արարածը միացնող ուղին։  Այնուհետեւ Ֆրանչիսկոս Պապ  Ողորմածութիւնը  համարեց այն  կամարը որ վեր  կը բռնէ  Եկեղեցւոյ կեանքը՝  Եկեղեցւոյ առաջին ճշմարտութիւնը` Քրիստոսի Սէրը։

Նորին Սրբութիւնը  ապա յարեց թէ , մեր  կեանքին արեւմուտին երբ մեզի ուղղուի  հարցականը եթէ կերակրեցին անօթին կամ յագեցուցինք ծարաւին, հարց պիտի տրուի նաեւ  եթէ սատար հանդիսացանք կասկածամիտներուն` դուրս ելլելու  իրենց անորոշ վիճակէն , եթէ յանձնառու եղանք մեղաւորները ընդունելու,  եթէ կարողացանք պայքար մղել տգիտութեան դէմ, յատկապպէս հայող Քրիստոնէական հաւատքին եւ բարի կեանքին։

Հաւատքով եւ եղբայրասիրական գործերով, ճանաչողական  եւ միացեալ յարաբերութեան մէջ կը մտնենք Սիրոյ Խորհուրդին հետ, որ է Նոյննիքն Աստուած որ  Յիսուսի միջոցաւ իսկական ողորմութիւնը  դարձաւ Սիրոյ Ողորմութիւն.  Ան մարդացաւ Մարդոց Փրկութեան համար։

Ձեր համաժողովին յանձնուած պարտականութիւնը ասոր մէջ է որ կը գտնէ իր հիմքը եւ իր արդարացումը` Քրիստոնեայի հաւատքը արդարեւ յիշողութեան մէջ պահպանելիք  ճանաչողութիւն մը չէ այլ՝ ճշմարտութիւն  մը  որ պէտք է ապրուի սիրոյ մէջ։

Հաւատքի յարումը Քրիստոսի` կը պահանջէ ըլլայ բանականութիւն ըլլայ անոր նուիրումին բարոյական արձագանքը ըսաւ Սրբազան Հայրը  շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն անոնց յանձնառումին եւ պատասխանատուութեան ի մասնաւորի կղերականներու կողմէ <<մանկամոլութեան>> հարցի նկատմամբ

Նորին Սրբութիւնը ապա յանձնարարեց ունենալ ''միասնական յանձնառում'' լաւապէս կատարելու առաքելութիւնը ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք կը գործեն Հաւատոյ Ժողովի ծիրէն ներս քաջալերելով զանոնք շարունակելու եւ  զարգացնելու  բոլոր մարակարդակներու վրայ համագործակցութիւնը Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու եւ Եպիսկոպոսներու հետ ''առողջ վարդապետութեան մը '' ի սպաս՝ ժամանակաշրջանի մը մէջ ուր կ՛ապրուին արագ յեղաշրջումներ ու հարցերու աճում։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց ''նուիրապետական եւ Խարիզմական'' պարգեւներու ամբողջականութեան հաստատելով թէ այս երկուքը համագործակցաբար գործելու են ի սպաս եկեղեցւոյ ու աշխարհի բարիքին, իրենց միութեան հիմը ունենալով Սուրբ երրորդութեան մէջ։ Որովհետեւ միութիւնն ու բազմազանութիւնը կը կազմեն Եկեղեցւոյ  կնիքը որ մղուած Սուրբ Հոգիէն գիտէ քալել դէպի այն նպատակը որ Յարուցեալ Տէրը ցոյց կու տայ պատմութեան ընդմէջէն։

Սրբազան Քահանայապետը ճարը եզրափակեց ներկաներուն ապահովցնելով իր աղօթքները ու խնդրելով որ աղօթեն իրենց համար ապա բոլորը  յանձնեց Աստուածամօր Հովանիին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.