2016-01-29 09:24:00

Շուէտ մտադիր է արտաքսել շուրջ 80 հազար գաղթական


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Շուէտի ներքին գործոց նախարար Անտերս Իկման յայտնած է, որ Շուէտի իշխանութիւնները մտադիր են արտաքսել շուրջ 80 հազար գաղթականներ, որոնք երկիր հասած են 2015-ին եւ որոնց ապաստան ստանալու դիմումը չէ բաւարարուած:

«Մենք կը խօսինք 60 հազար մարդու մասին, սակայն անոնց թիւը կրնայ հասնիլ մինչեւ 80 հազարի», ըսած է նախարարը:

2015-ին 9,8 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Շուէտ հասած են շուրջ 163 հազար գաղթականներ, որոնցմէ աւելի քան 35 հազարը Աֆղանիստանէն հասած առանց ծնողներու պատանիներ են: Գաղթականներէն միայն 20 առ հարիւրի մօտ եղած են փաստաթուղթեր:

Փորձագէտներու կարծիքով` երիտասարդները յաճախ կը ծածկեն իրենց իսկական տարիքը, որովհետեւ Շուէտի մէջ պատանիներուն համար բնակութեան իրաւունք ստանալը աւելի դիւրին է:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.