2016-01-29 09:37:00

Եունան Պատրիարք. ''Իրաքը ու Սուրիան Թուրքիոյ նման պէտք չէ դառնան''։


(Ռատիօ Վատիկան) Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն վատիկանեան բարեսիրական մարմնի նախաձեռնութեամբ, Ասորի կաթողիկէ Պատրիարք` Եունանը մասնակցեցաւ ''Սուրիոյ քրիստոնեաները կ՛ ապրին ընդմէջ պատերազմի, սովի, հալածանքի ու յաչս արեւմուտքի անտարբերութեան'' նիւթով հաւաքին որուն ընթացքին մամուլին հետ ունեցած ելոյթով Ան յայտնեց թէ ''մեր աղօթքը ու յոյսն է որ Սուրիան ու Իրաքը չդառնան այլ Թուրքիա մը։ Մեր մղձաւանջ  մեծագոյն անձկութիւնն է որ Իրաքի ու Սուրիոյ քրիստոնեաներուն չպատահի այն ինչ որ պատահեցաւ Թուրքիոյ մէջ, ուր գրեթէ կարելի չէ խօսիլ քրիստոնեաներու ներկայութեան մասին''։

Պատրիարքը խօսեցաւ ապա բազմաթիւ սուրիացիներու ողբերգութեան մասին, որ այսօր կը մեռնին սովէն ու զրկուած են նոյնիսկ առողջապահական խնամատարութենէն։ ''Անմեղ ժողովուրդը շատ սուղ կը վճարէ ընդհարումը'' ըսաւ Պատրիարքը ու յուզումով  յիշեց Քարաքոշի ու Նինվէյի իրավիճակը` ուր մինչեւ 2014 բնակչութեան մեծամասնութիւնը ասորի քրիստոնեաներ էին մինչ այսօր այդ շրջանը  ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքն է։ Սուրիոյ մէջ եւս քրիստոնեաներու թիւը նուազած է։ 1950-ին անոնք կը ներկայացնէին բնակչութեան 19 տոկոսը, այսօր հազիւ կը ներկայացնեն 5 առ հարիւրը։ Պատրիարքը ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց  Արեւմուտքի բարեսիրական մարմիններուն  որոնք,  նման Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն վատիկանեան բարեսիրական մարմնին, օգնութեան կը հասնին տառապող ժողովուրդին։ Պատրիարքը միաժամանակ ամբաստանեց Արեւմուտքը որ աւելի հետամուտ է աշխարհաքաղաքական իր շահերուն քան Միջին Արեւելքի բնակչութեան ու քրիստոնեաներու կացութեան։ Ան ապա  կոչ ուղղեց իսլամ հասարակութեան եւ ի մասնաւորի իսլամ կրօնապետերուն որպէսզի բացայայտօրէն դատապարտեն ոճրագործերը, որոնք յանուն կրօնքի անմեղներ կը սպանեն։ ''Բաւարար չէ ըսել իսլամ մը մեռցնել մեղք է։ Հարկաւոր է ըսել որ կարելի չէ յանուն իսլամ կրօնքի սպաննել քրիստոնեայ մը կամ այլ կրօնքի պատկան մը'' հաստատեց Եունան պատրիարքը դիտել տալով թէ ''դժբախտաբար իսլամ կրօնապետերէն եւ ոչ մէկը այդ ուղղութեամբ արտայայտուած է''։ 

Նշենք որ տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն վատիկանեան բարեսիրական մարմինը Սուրիոյ ու Իրաքի պատերազմին ընթացքին իրագործեց բազմաթիւ ծրագիրներ և օգնութեան հասաւ բնակչութեան, տրամադրելով աւելի քան 10﹒5 միլիոն եւրօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.