2016-01-29 12:41:00

''Ացիոնէ Քաթթոլիքա'' ընկերակցութեան խաղաղութեան պատանեկան կարաւանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սովորութիւն դարձած է որ ամէն տարի, խաղաղութեան  (Յունուար) ամսուայ աւարտին, ''Ացիոնէ Քաթթոլիքա'' իտալական բանուորներու ընկերակցութիւնը, Հռոմի մէջ կազմակերպէ ''խաղաղութեան պատանեկան կարաւանը''  որուն այս տարուայ կարգախօսն է  ''խաղաղութիւնը ուժգին կը յառաջանայ։''

Կիրակի 31 Յունուարին, ''խաղաղութեան պատանեկան կարաւանի'' մասնակցող ուխտաւորները, սովորութեան համաձայն կը մասնակցին ֆրանչիսկոս Պապի ʺՀրեշտակ Տեառն'' կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին։

Խաղաղութեան ամսոյն աւարտին Աւանդական այս հանդիպումը սկիզբ պիտի առնէ  առաւօտեան ժամը 8-ին Հռոմի Ս﹒ Կոյս Մարիամի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած ս﹒ պատարագի արարողութեամբ, որուն աւարտին պատանիներու շարանը կ՛ ուղղուի դէպի Ս﹒ Պետրոսի հրապարակ։ Վերոնշեալ հաւաքին կը նախատեսուի մասնակցութիւնը աւելի քան 3 հազար պատանիներու որոնք նախ պիտի անցնին Ողորմութեան ս﹒ Դռնէն, ապա պիտի գրաւեն իրենց վերապահուած ս﹒ Պետրոսի հրապարակին մէկ անկիւնը։ Մարեմեան աղօթքի աւարտին երկու պատանիներ ֆրանչիսկոս Պապին հետ միասին ազատ կ՛արձակեն խաղաղութիւնը յատկանշող փուչիկներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.