2016-01-28 09:29:00

Հայոց բանակը 24 տարեկան է


Յունուար 28-ը Հայոց բանակի եւ հայ զինուորի օրն է. Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերը (ԶՈՒ) 24 տարեկան են:

ԶՈՒ-ն կազմաւորուեցաւ այն բարդ ժամանակաշրջանին, երբ աշխարհաքաղաքական դաշտին մէջ Խորհրդային Միութիւնը կ՛ապրէր իր գոյութեան վերջին ամիսները, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջնահերթութիւն էր ինքնորոշման իրաւունքը, որ հաստատելու համար հայ ժողովուրդը պէտք էր անցներ իրական պատերազմի` Ղարաբաղեան պատերազմի թոհուբոհի մէջէն:

Թէեւ պաշտօնապէս Բանակի ստեղծման օրը կը համարուի 1992-ի Յունուար 28-ը, երբ  ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի նախագահի հրամանագիրով ստեղծուեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Հայոց բանակը կազմաւորուեցաւ 4-4,5 տարիներու ընթացքին` իր առաջին «մկրտութիւնը» ստանալով հայ-ատրպէյճանական պատերազմի տարբեր փուլերուն` Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան ռազմական անվտանգութեան ապահովելու գործին մէջ:

Այս գործընթացին իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը ունեցան ինչպէս Խորհրդային համակարգին մէջ ռազմական կրթութիւն ստացած հայրենասէր սպաները, այնպէս ալ հայ կամաւորականութիւնը, որ դարձաւ բանակին ողնահարը:

Իսկ արդէն 1994-ի Յունիսէն վերջնականապէս ընթացք ստացան բանակաշինութեան, կայուն զարգացման, զօրքերու մարտունակութեան բարձրացման, կարգապահութեան ամրապնդման, միջին եւ բարձր սպայական անձնակազմի պատրաստման ու վերապատրաստման աշխատանքները: Արդիւնքով այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերը կազմուած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն, հինգ բանակային ջոկատներէ:

Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին բանակի ստեղծման ակունքներուն կանգնած ազատամարտիկները վստահօրէն պնդած են` Հայաստանը ունի այնպիսի բանակ, ինչի մասին այդ տարիներուն չէր կրնար նոյնիսկ երազել:








All the contents on this site are copyrighted ©.