2016-01-28 09:20:00

Ըստ «Ֆրիտըմ Հաուս»ի՝ Հայաստանն ու Արցախը աւելի ազատ են, քան՝ Ատրպէյճանը


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– «Ֆրիտըմ Հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ– 2016» զեկոյցը, ուր ներկայացուած են աշխարհի պետութիւններուն մէջ ազատութեան ու մարդու իրաւունքներուն վերաբերող արժեւորումներ։

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ վատթարացած է, տնտեսական ճնշումներն ու հասարակական անհանգստութիւնը առաջնորդած են բռնապետական վարչակարգերուն կողմէ այլակարծութեան, ճնշման ու զանգուածային արտագաղթի, ահաբեկչութեան ու մեծ ժողովրդավարութիւններուն մէջ  այլատեացութեան զարգացման:

Վատթարագոյն իրավիճակ նկատելի է ափրիկեան պետութիւններուն մէջ՝ Սոմալիա, Արեւմտեան Սահարա, ինչպէս նաեւ Իւզպեքիստան, Թուրքմէնիստան, Հիւսիսային Քորէա, Ատրպէյճան եւ այլն։ Ատրպէյճան 100 կէտէն ունի 16 միաւոր ու «անազատ» կարգավիճակ ունեցող երկիր է: Հայաստան ունի 46 կէտ, Արցախ՝ 33, Վրաստան՝ 64, եւ անոնք, ըստ զեկոյցին, «կիսով ազատ» երկիրներ են:








All the contents on this site are copyrighted ©.