2016-01-28 10:56:00

Բողոքական վերանորոգումի Համամիութենական միացեալ վերակոչում Շուէտի Lund քաղաքին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Լիւտերենական դաշնակցութիւնը եւ կաթողիկէ Եկեղեցին  Համամիութենական միացեալ վերակոչում մը պիտի կատարեն Շուետի Lund քաղաքին մէջ,  յառաջիկայ 31 Հոկտեմբեր 2016-ին, ի պատրաստութիւն վերանորոգումի 500ամեակին յոբելեանին։

''Միասնաբար գործելով  սատարած  կ՛ ըլլանք լիւտերականներու ու կաթողիկէներու վերահաշտութեան եւ արդարութեան ու խաղաղութեան վերահաստատումին։  Միասնաբար պիտի աղօթենք Շուէտի քրիստոնեաներուն համար եւ ի նպաստ քրիստոնեաներու միութեան'' յայտնած է վերապատուելի Մարթին Եունկ  վերոնշեալ ձեռնարկի մասին արտայայտուելով։

Իր կարգին կարդինալ Քոխ` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին յայտնած է ''միասնաբար կեդրոնանալով Աստուծոյ վրայ լիւտերականներն ու կաթողիկէները կը խորացնեն իրենց հաւատքը խաչեցեալ ու յարուցեալ Քրիստոսի վրայ''։

Շուէտի կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ` գերապայծառ Անտէրս Ապորելիուս ապա յայտնած է ''Շուէտի համամիութենական իրավիճակը եզակի է ու շահագրգիռ։ 2017 տարուայ ընթացքին կը զուգադիպին երկու տարեդարձներ` լիւտերական վերանորոգումի 500-րդ տարեդարձը եւ 50-րդ տարեդարձը լիւտերական ու կաթողիկէ միջազգային երկխօսութեան, որուն անմիջական արդիւնքը եղաւ  ʺարդարացումի վարդապետութեան միացեալ յայտարարութիւնը'' ստորագրուած 1999-ին որ վերջ դրաւ, երկու եկեղեցիներու միջեւ գոյացած հին ու դարաւոր բանավէճերու։








All the contents on this site are copyrighted ©.