2016-01-27 14:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրը մասնակցելու միօրեայ հոգեւոր կրթութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 27 յունուարի առաւօտեան, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս պապ կատարեց յայտարարութիւն մը ըսելով.

''Ողորմութեան Յոբելինական Սուրբ Տարուայ առթիւ, Քահանայապետական ՝՝Քոր Ունում՝՝ մէկ սիրտ բարեսիրական հաստատութիւնը, բոլոր թեմերուն մէջ  կազմակերպած է միօրեայ հոգեւոր կրթութիւն,  բոլոր այն անձերուն եւ խումբերուն համար, որոնք յանձնառու են եղբայրասիրական ծառայութիւններու գործունէութիւններով։ Քառասնորդաց պահքի շրջանի կատարուելիք միօրեայ հոգեւոր կրթութիւնը  առիթ պիտի հանդիսանայ խոկալու՝ Հօր նման Ողորմածներ ըլլալու կոչումին մասին''։

Նորին Սրբութիւնը ապա  յատուկէն  ողջունեց  երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները ,  ՝՝վաղը 28 յունուարին, կը նշուի  Կաթողիկէ դպրոցներու պաշտպան Սուրբ ՝ Սուրբ  Թովմաս Աքուինացիի տօնը-  յայտնեց Սրբազան Քահանայապետը։  Սիրելի երիտասարդներ ՝՝Թող Սուրբ Թովմասին օրինակը  մղէ ձեզ տեսնելու Ողորմած Յիսուսի մէջ՝ միակ կեանքին դաստիարակը։ Իսկ դուք սիրելի հիւանդներ  ''Թող Սուրբ Թովմասի բարեխօսութիւնը շնորհէ ձեզի Խաչի խորհուրդին մէջ ներկայ գտնուող Խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը։ Հուսկ Սիրելի նորապսակներ զ. Թող Սուրբ Թոմասին վարդապետութիւնը   ներշնչէ ձեզի քաջալերանք  ապաւինելու համար սրտին իմաստութեան` ձեր ընտանեկան առաքելութեան մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.