2016-01-27 09:49:00

Եւրումիութիւնը կոչ կ՛ընէ զինադադար հաստատելու Թուրքիոյ եւ Քիւրտերուն միջեւ


ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոմիութիւնը դարձեալ թրքական իշխանութիւններուն կոչ ըրած է անյապաղ զինադադար հաստատելու քրտաբնակ շրջաններուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերսկսիլ բանակցութիւններուն:

Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքական պետ Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարած է, որ Պրիւքսէլ մտահոգ է Թուրքիոյ հարաւարեւելքին մէջ շարունակուող բախումներով՝ աւելցնելով. «Վճռականապէս կը դատապարտենք ահաբեկչութիւնը, ներառեալ՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ իրագործուածները»:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները Դեկտեմբերին արտակարգ վիճակ յայտարարած են քրտաբնակ շարք մը շրջաններու մէջ, ուր քիւրտ զինեալներու եւ թուրք զինուորներու միջեւ բախումները կը շարունակուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.