2016-01-26 13:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Քառասնորդաց շրջանի պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 26 յունուար 2016-ին,  մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի 2016ի քառասնորրդացի պատգամը։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը կ՝ամփոփէ երեք կէտերու մէջ։

ա. Մարիամ՝ պատկեր Եկեղեցւոյ, որ ընդունած է աւետարանումը եւ իր կարգին յարատեւ աւետարանելու առաքելութիւնն ունի

բ. Աստուծոյ ուխտը մարդկութեան հետ՝ ողորմութեան պատմութիւն

գ. ողորմութեան գործերը

Սրբազան Քահանայապետը առաջին կէտին մէջ կոչ կ՝ուղղէ՝ քառասնորդաց շրջանը ապրելու իր ամբողջականութեամբ։ Ասոր համար հարկաւոր է ունկնդրել Աստուծոյ խօսքին։ Աստուծոյ ողորմութիւնը ինքնին բարի լուրն է, աւետիսը՝ ուղղուած ամբողջ աշխարհի եւ իւրաքանչիւր անհատի։

Մարիամ ընդունեցաւ Գաբրիէլ հրեշտակապետի աւետիսը։ Ապա մարգարէաշունչ գովերգով բարեբանեց Աստուծոյ ողորմութիւնը՝ որ զինք նախապէս ընտրած էր՝ ըլլալու Քրիստոսի մայրը։ Այսպէս՝ Նազարէթի Ս. Կոյսը կ՝ըլլայ եկեղեցւոյ կատարեալ պատկերը։ Եկեղեցին Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ ընդունած է աւետիսը, եւ իր կարգին կը տարածէ աւետիսը։ Մարգարէական գրքերու մէջ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը ներկայացուի յատուկ բացատրութիւններով։ Այնտեղ «ողորմութիւնը» կը բովանդակէ առատահոս բարութիւն, հաւատարմութիւն եւ կարեկցութիւն իմաստները։

Աստուած միշտ ինքզինք կը յայտնէ առատահոս ողորմութեամբ, կը գրէ Սրբազան Պապը իր պատգամի երկրորդ կէտին մէջ։ Պատմութեան մէջ աստուածային ողորմութիւնը կը յայտնուի՝ Աստուծոյ եւ Իսրայէլի ժողովուրդին մէջ կնքուած ուխտով, դաշինքով։ Նոյնիսկ այն պարագաներուն, ուր Իսրայէլի ժողովուրդը անհաւատարիմ կը գտնուի ուխտին՝ Աստուած կը ցուցաբերէ իր ողորմութիւնը քնքշութեամբ եւ կարեկցութեամբ։ Աստուծոյ եւ Իսրայէլի ժողովուրդին պատմութիւնը սիրոյ պատմութիւն մըն է։ Աստուած ամէն ձեւով կ՝աշխատի Իր սիրոյն մէջ պահել իր ժողովուրդը։

Յիսուս կը ներկայանայ աստուածային այս սիրոյն իբր  մարմնացում։ Աստուծոյ Որդին Փեսան է, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ շահելու համար Հարսը՝ որուն կը շնորհէ Իր սէրը առանց որեւէ պայմանի։

Ահա այս է առաքելական քարոզութեան բաբախող սիրտը, որուն մէջ աստուածային ողորմութիւնը կը գրաւէ կենդրոնական եւ հիմնական դիրք մը։ Խաչեցեալ Յիսուսի մէջ է, որ Աստուած կը հասնի այն աստիճանի, որ կ՝ուզէ Իրեն միացնել մեղաւորը, որ հեռացած էր Իրմէ եւ կորսուած։

Վերջապէս, երրորդ կէտին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝անդրադառնայ ողորմութեան գործերուն։ Ան կը յիշեցնէ, թէ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը փոխակերպէ մարդու սիրտը, եւ անոր ապրիլ կու տայ հաւատարիմ սէրը՝ որպէսզի ան իր կարգին ատակ դառնայ ողորմութեան։ Միշտ նոր հրաշք մըն է, որ աստուածային ողորմութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքէն ներս կը շողայ, մեզ մղելով՝ որ սիրենք մեր ընկերը եւ խրախուսելով՝ կատարելու ողորմութեան մարմնական եւ հոգեւոր գործեր՝ ինչպէս Եկեղեցին կ՝անուանէ զանոնք ըստ աւանդութեան։ Այդ գործերը, մեզի կը յիշեցնեն, թէ մեր հաւատքը կը կ՝արտայայտուի առօրեայ թանձրացեալ գործերու մէջ՝ օգնելով մեր ընկերոջ մարմնական եւ հոգեւոր գործերով, որոնց համաձայն պիտի դատուինք – կերակրելով, հագուստ տալով, մխիթարելով, դաստիարակելով։ Ասոր համար է որ կը յորդորեմ՝ որ քրիստոնեաներ Յոբելինական այս տարւոյն մէջ խոկան ողորմութեան գործերու շուրջ։

Սրբազան Պապը յատուկ կերպով կը յորդորէ օգտուիլ Աստուծոյ մեզի ընձեռած առիթներէն։ Ան կը զգուշացնէ արդի ժամանակներու կռապաշտութենէն, որ իր իրականացումը կը գտնէ ընկերային կամ քաղաքական որոշ ձեւերու, ամբողջատիրական երեւոյթներու, եւ թեքնիք-գիտական գաղափարախօսութիւններու մէջ, որոնք զԱստուած աւելորդ կը նկատեն, եւ մարդը կը վերածեն զանգուածի՝ զայն շահագործելու նպատակով։

Հետեւաբար Քառասնորդացը առիթ պէտք է ըլլայ դուրս գալու էութեան այլասեռումէն՝ լսելով Աստուծոյ Խօսքը եւ կատարելով ողորմութեան գործեր։

«Չկորսնցնենք այս դարձի գալու բարենպաստ առիթը։ Խնդրենք Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութիւնը։» 








All the contents on this site are copyrighted ©.